Հայաստանի պասքեթպոլի ֆետերասիոնին 2021-2022 տարեշրջանի ամփոփիչ նիստին ընթացքին տեղի ունեցաւ նոր ֆետերասիոնին ընտրութիւնը:
Գործող նախագահ Հրաչեայ Ռոստոմեան միաձայնութեամբ վերընտրուեցաւ նախագահ, այս մասին յայտնեց ֆետերասիոնին մամլոյ քարտուղարութիւնը:
Անգամ մը եւս ֆետերասիոնը պիտի ունենայ երկու փոխնախագահ` Վահագն Յարութիւնեանն ու Սուրէն Զոհրաբեանը:
Վերընտրուած նախագահը շնորհակալութիւն յայտնեց իր նկատմամբ ցուցաբերուած վստահութեան համար եւ ներկայացուց իր յառաջիկայի ծրագիրները: