Չորեքշաբթի, 18 մայիսին, ազդանշանը կը տրուի «Սփորթց-Մանիա» ընկերութեան կազմակերպած մինի ֆութպոլի մրցաշարքին, որ կը կատարուի Լիբանանի ֆութպոլի ֆետերասիոնին հաւանութեամբ:
Այս մրցաշարքին, որ տեղի կ՛ունենայ 7-րդ անգամ ըլլալով, իրենց մասնակցութիւնը պիտի բերեն 32 խումբեր (ընդամէնը` ութ խմբակ):
Մասնակցող խումբերուն կարգին է նաեւ Լիբանանի մէջ գտնուող ֆրանսական դեսպանատան խումբը:
Մրցումները տեղի պիտի ունենան «Սփորթ-Էվընիու» մարզադաշտին մէջ (Հազմիէ), չորեքշաբթի, ուրբաթ եւ շաբաթ օրերը: