Անգլիական Մանչեսթըր Եունայթըտի եւ Ֆրանսայի ֆութպոլի ազգային խումբի միջնապահ Փոլ Փոկպա հրաժարեցաւ տեղափոխուիլ Անգլիոյ ֆութպոլի ախոյեան Մանչեսթըր Սիթի, որ անոր պայմանագրութիւն մը առաջարկեց, այս մասին յայտնեց անգլիական մարզական մամուլը:
29 տարեկան ֆութպոլիստը յառաջիկայ յուլիսին կը դառնայ ազատ ֆութպոլիստ մը եւ կրնայ միանալ իր նախասիրած կազմին:
Փոկպայով մօտէն հետաքրքրուած են Փարիզ Սեն Ժերմեն, Ռէալ Մատրիտ եւ Եուվենթուս:
Նշենք, որ ընթացիկ տարեշրջանին Փոկպա Եունայթըտի հետ ցարդ իր մասնակցութիւնը բերած է 27 մրցումի, նշանակած կոլ մը եւ կատարած 9 էսիսթ: