Տենվըր Նակեթցին մաս կազմող Նիքոլա Եոքիչ ճանչցուեցաւ «ԷՆ. ՊԻ. ԷՅ.»-ի պասքեթպոլի ախոյեանութեան 2021-2022 տարեշրջանի լաւագոյն մարզիկը, այս մասին յայտնեց կազմակերպութեան մամլոյ քարտուղարութիւնը:
27 տարեկան սերպ մարզիկը իւրաքանչիւր մրցումի ընթացքին միջին հաշուով նշանակեց 27,1 կէտ, 13,8 ռիպաունտ եւ 7,9 էսիսթ:
Ան իր կազմին հետ թէեւ յաջողեցաւ հասնիլ Արեւմտեան շրջանի փլէյ օֆի քառորդ աւարտականին, սակայն 4-1 արդիւնքով պարտուեցաւ Կոլտըն Սթէյթ Ուորիըրզէն:
Նշենք, որ Եոքիչ նախորդ տարեշրջանին եւս արժանացած էր այս մրցանակին: