Ռէալ Մատրիտին մաս կազմող ֆրանսացի յառաջապահ Քարիմ Պենզեմա, որ Սպանիոյ ֆութպոլի ախոյեանութեան («Լա լիկա») 36-րդ հանգրուանի մրցումներուն, Լեվանթէի դէմ արձանագրուած յաղթանակին (6-0) դարձաւ կոլի հեղինակ, յաջողեցաւ հաւասարիլ ակումբի նախկին յառաջապահ Ռաուլ Կոնզալեսի հաստատած մրցանիշին` իր նշանակած կոլերուն քանակով:
Այսպիսով, 34 տարեկան Պենզեմա, որ անոր նման նշանակած է 323 կոլ, կը բաժնէ երկրորդ դիրքը:
Մրցանիշը սակայն կը պատկանի փորթուգալցի յառաջապահ Քրիսթիանօ Ռոնալտոյին, որ մայրաքաղաքի կազմին հետ նշանակած է 450 կոլ:
Պենզեմա, որ 11 տարիէ ի վեր մաս կը կազմէ Ռէալ Մատրիտին, անոր հետ մինչեւ յունիս 2023 պայմանագրութիւն մը ստորագրած է: