Յորդանանի մայրաքաղաք Ամմանի մէջ տեղի ունեցող Արեւմտեան Ասիոյ պասքեթպոլի տղոց 16 տարեկանէն վար ախոյեանութեան ծիրին մէջ, երէկ Լիբանանի ազգային խումբը արձանագրեց իր երկրորդ յաղթանակը, երբ 74-52 արդիւնքով պարտութեան մատնեց Իրաքը:
Իր արձանագրած այս յաղթանակին շնորհիւ, Լիբանան այսպիսով կարեւոր քայլ մը առաւ դէպի Ասիոյ պասքեթպոլի ախոյեանութեան աւարտական հանգրուանի իր տոմսը, որ տեղի պիտի ունենայ յառաջիկայ յունիսին, Քաթարի մայրաքաղաք Տոհայի մէջ:
Նշենք, որ Արեւմտեան Ասիոյ պասքեթպոլի ախոյեանութեան աւարտին, առաջին երկու դիրքերը գրաւող խումբերը կ՛ապահովեն Ասիոյ ախոյեանութեան իրենց տոմսերը:
Լիբանան, որ իր կատարած առաջին մրցումին յաղթած էր Յորդանանին` 79-56 արդիւնքով, այսօր` հինգշաբթի, 12 մայիսին ժամը 17:00-ին (Պէյրութի ժամանակացոյցով) կը մրցի Իրանի դէմ, իսկ վաղը` ուրբաթ, 13 մայիսին նոյն ժամուն, իր դէմ կ՛ունենայ Սուրիան: