Սկովտիոյ ֆութպոլի ախոյեանութեան 2021-2022 տարեշրջանի 37-րդ եւ նախավերջին հանգրուանի մրցումներուն, պարագլուխի դիրքին վրայ գտնուող Սելթիք 1-1 արդիւնքով հաւասարութիւն մը արձանագրելէ ետք Տանտի Եունայթըտի հետ, ապահովեց ախոյեանութեան տիտղոսը:
Իր արձանագրած այս յաղթանակէն ետք, անիկա անհասանելի դարձաւ երկրորդ դիրքին վրայ գտնուող Ռէյնճըրզի համար, որ անկէ ետ կը մնայ չորս կէտով:
Այսպիսով, Սելթիք իր պատմութեան մէջ 52-րդ անգամ ըլլալով հանդիսացաւ երկրի ախոյեան:
Յառաջիկայ տարեշրջանին, ռուսական ակումբներուն եւրոպական մրցաշարքերէն հեռացուելուն պատճառով, «ԵՈՒ. Է. ԷՖ. Ա.»-ն որոշեց, որ Ռուսիոյ ախոյեանին փոխարէն նկատի պիտի առնուի Սկովտիոյ ախոյեանը:
Այսպիսով, Սելթիք 2022-2023 տարեշրջանին «Չեմփիընզ Լիկ»-ի մրցաշարքին պիտի փոխարինէ Զենիթ Ս. Փեթերսպուրկը: