Իր հրապարակած պաշտօնական հաղորդագրութեան մէջ, «ԵՈՒ. Է. ԷՖ. Ա.»-ին մամլոյ քարտուղարութիւնը յայտարարեց «Չեմփիընզ Լիկ»-ի ֆութպոլի մրցաշարքի աւարտական հանգրուանի մրցումին իրաւարարներուն անունները, որոնք պիտի ըլլան Ֆրանսայէն:
Կեդրոնի գլխաւոր իրաւարարը պիտի ըլլայ 39 տարեկան Քլեման Թուրփին, իսկ կողմի իրաւարարները` Նիքոլա Տանոս եւ Սիրիլ Կրենկոր:
Չորրորդ իրաւարարն է Պենուա Պասթիեն, իսկ «ՎԱՐ» համակարգին իրաւարարը` Ժըրոմ Պրիսար:
Աւարտականի մրցումը, որ տեղի պիտի ունենայ 28 մայիսին, Փարիզի մէջ գտնուող «Սթատ տը Ֆրանս»-ի մէջ, իրարու դէմ պիտի մրցին Լիվըրփուլ եւ Ռէալ Մատրիտ: