Յունաստանի Հերաքլիոն քաղաքին մէջ 2-10 մայիսին տեղի ունեցած աշխարհի ծանրաբարձութեան երիտասարդական ախոյեանութեան, Հայաստանի հաւաքականը մետալներու ընդհանուր դասաւորման մէջ գրաւեց առաջին դիրքը, իսկ խմբային դասաւորման մէջ հանդիսացաւ երկրորդ:
Երիտասարդներու հաւաքականի աւագ մարզիչ` Մելիք Ղուկասեան, անդրադառնալով այս ախոյեանութեան, ըսաւ, որ 45 երկիրներու մէջ Հայաստան կրնար առաջին դիրքը գրաւել, եթէ այս ախոյեանութեան մասնակցէր ամբողջական կազմով:
Նշենք, որ 8 ծանրաբարձներով այս ախոյեանութեան մասնակցած Հայաստանի խումբը Յունաստանի մէջ տիրացաւ 5 մետալի (2 ոսկի, 2 արծաթ եւ 1 պրոնզ):