Մարզական

Եուվենթուս Համաձայնութեան  Եկաւ Տի Մարիայի Հետ

Եուվենթուս Համաձայնութեան Եկաւ Տի Մարիայի Հետ

Իտալական մարզական մամուլին համաձայն, Եուվենթուս համաձայնութեան եկած է Ֆրանսայի ֆութպոլի ախոյեան Փարիզ Սեն Ժերմենի եւ Արժանթինի ֆութպոլի ազգային խումբի միջնապահ Անխել Տի Մարիայի հետ, որ 1 յուլիսին կը դառնայ ազատ ֆութպոլիստ եւ կրնայ միանալ իր նախասիրած կազմին: 34 տարեկան ֆութպոլիստը իտալական ակումբին հետ պիտի կնքէ մէկ տարուան պայմանագրութիւն մը, յառաջիկայ ամրան ընթացքին փոխադարձ համաձայնութեան պարագային, այդ մէկը մէկ տարիով երկարաձգելու...

Լեւանտովսքի Կը Փափաքի  Տեղափոխուիլ Պարսելոնա

Լեւանտովսքի Կը Փափաքի Տեղափոխուիլ Պարսելոնա

Գերմանիոյ ֆութպոլի ախոյեան Պայէրն Միւնիխի մաս կազմող լեհ 33 տարեկան յառաջապահ Ռոպերթ Լեւանտովսքի կը փափաքի գալիք ամրան ընթացքին տեղափոխուիլ Պարսելոնա, հակառակ անոր որ ֆութպոլիստով հետաքրքրուած են նաեւ Ֆրանսայի ախոյեան Փարիզ Սեն Ժերմենը եւ լոնտոնեան Չելսին: Ըստ միջազգային մարզական մամուլին, քաթալոնական ակումբը Լեւանտովսքիին առաջարկած է երեք տարուան պայմանագրութիւն մը, տարեկան16 միլիոն եւրօ աշխատավարձով: Ան այժմ կը ստանայ` տարեկան 22 միլիոն եւրօ:...

Հոֆընհայմ Պաշտօնանկ Ըրաւ  Իր Մարզիչը

Հոֆընհայմ Պաշտօնանկ Ըրաւ Իր Մարզիչը

Գերմանական Հոֆընհայմ խումբը դադրեցուց իր համագործակցութիւնը խումբի գլխաւոր մարզիչ Սեպասթիան Հէօնեսի հետ, այս մասին յայտնեց ակումբին մամլոյ քարտուղարութիւնը: 40 տարեկան մասնագէտը Հոֆընհայմը գլխաւորեց 2020-ին: Անոր հետ խումբը իր կատարած 81 մրցումին ընթացքին արձանագրեց 32 յաղթանակ, 19 հաւասարութիւն եւ կրեց 30 պարտութիւն: Գերմանիոյ ֆութպոլի («Պունտըսլիկա») աւարտած ախոյեանութեան, Հոֆընհայմ 46 կէտով գրաւեց ընդհանուր դասաւորման 9-րդ դիրքը:  

Լիբանանեան Պասքեթպոլ.  Այսօր` Պէյրութ-Սաժես Պէյրութ

Լիբանանեան Պասքեթպոլ. Այսօր` Պէյրութ-Սաժես Պէյրութ

Լիբանանի պասքեթպոլի տղոց Ա. դասակարգի ախոյեանութեան կիսաւարտական հանգրուանի` «ֆայնըլ ֆոր»-ի մրցումներուն ազդանշանը կը տրուի այսօր` չորեքշաբթի, 18 մայիսին, երբ տեղի կ՛ունենայ Պէյրութ-Սաժես Պէյրութ մրցումը: Այս մրցումը, որ տեղի պիտի ունենայ Շիահի մարզադաշտին վրայ, պիտի սկսի երեկոյեան ժամը 21:30-ին: Նշենք, որ կիսաւարտականի միւս մրցումը իրարու դէմ պիտի հանէ Ռիատի Պէյրութն ու Տինամոն: Այստեղ նշենք, որ այս ախոյեանութիւնը, այլ մրցաշարքերու եւ ախոյեանութիւններու...

Ա. Էս. Ռոմա-Մխիթարեան`  Դարձեալ Անհամաձայնութիւն

Ա. Էս. Ռոմա-Մխիթարեան` Դարձեալ Անհամաձայնութիւն

Իտալական Ա. Էս. Ռոմա ֆութպոլի ակումբին ներկայացուցիչները կը յայտնեն, որ իրենք միջնապահ Հենրիխ Մխիթարեանը կը նկատեն խումբին կարեւոր մէկ մասնիկը եւ յոյս ունին նոր պայմանագրութիւն մը ստորագրել 33 տարեկան հայ ֆութպոլիստին հետ, այս մասին յայտնեց «Քալչիոմերքաթօ»: Վերոնշեալ աղբիւրին համաձայն, Մխիթարեան կ՛ակնկալէ ստանալ մէկ տարուան պայմանագրութիւն մը` 4 միլիոն եւրօ աշխատավարձով: Ա. էս. Ռոմա պատրաստ է Մխիթարեանին առաջարկելու 2 տարուան պայմանագրութիւն...

Կռփամարտ. Եւրոպայի Ախոյեանութիւն.  Կարէն Աղամալեան Ներկայացուց  Հայաստանի Հաւաքականին Կազմը

Կռփամարտ. Եւրոպայի Ախոյեանութիւն. Կարէն Աղամալեան Ներկայացուց Հայաստանի Հաւաքականին Կազմը

Շաբաթ, 21 մայիսին, Կարէն Դեմիրճեանի անուան մարզահամերգային համալիրին մէջ ազդանշանը կը տրուի Եւրոպայի կռփամարտի ախոյեանութեան: Անիկա իր աւարտին կը հասնի երկուշաբթի, 30 մայիսին: Անոր իրենց մասնակցութիւնը կը բերեն գրեթէ եւրոպական բոլոր երկիրներուն շուրջ 280 մարզիկներ: Ախոյեանութեան մրցանակային հիմնադրամը կը կազմէ 260 հազար ամերիկեան տոլար: Երէկ, տղոց ազգային հաւաքականին գլխաւոր մարզիչ Կարէն Աղամալեան հրապարակեց այս ախոյեանութեան մասնակցող կազմը: Ստորեւ` անոր կողմէ...

Սիմոն Մարտիրոսեան Պիտի Չմասնակցի  Եւրոպայի Ծանրաբարձութեան  Ախոյեանութեան

Սիմոն Մարտիրոսեան Պիտի Չմասնակցի Եւրոպայի Ծանրաբարձութեան Ախոյեանութեան

Հայաստանի ազգային ողիմպիական կոմիտէն երէկ հրապարակեց Հայաստանի տղոց եւ աղջկանց ծանրաբարձութեան հաւաքականներուն կազմերը, որոնք իրենց մասնակցութիւնը պիտի բերեն 28 մայիսին Ալպանիոյ մայրաքաղաք Թիրանայի մէջ սկսելիք Եւրոպայի ծանրաբարձութեան ախոյեանութեան: Այս ախոյեանութեան իր մասնակցութիւնը պիտի չբերէ ողիմպիական խաղերու կրկնակի արծաթէ մետալակիր Սիմոն Մարտիրոսեան, որ մէջքի վնասուածք ունի, նշուեցաւ ողիմպիական կոմիտէի հաղորդագրութեան մէջ: Եւրոպայի այս ախոյեանութեան, տղոց հաւաքականին մաս կը կազմեն Ռաֆիկ Յարութիւնեան,...

Բազկամարտ. Եւրոպայի Հաշմանդամներու  Ախոյեանութիւն.  Հայաստանի Հաւաքականը Տիրացաւ  22 Գունաւոր Մետալի

Բազկամարտ. Եւրոպայի Հաշմանդամներու Ախոյեանութիւն. Հայաստանի Հաւաքականը Տիրացաւ 22 Գունաւոր Մետալի

Ռումանիոյ մէջ տեղի ունեցած Եւրոպայի բազկամարտի հաշմանդամներու 24-րդ ախոյեանութեան, Հայաստանի հաւաքականը, տիրանալով 11 ոսկի, 5 արծաթ եւ 6 պրոնզ մետալի, գրաւեց ընդհանուր դասաւորման երկրորդ դիրքը` գերազանցելով Թուրքիան: Հայաստանի հաշմանդամներու ֆետերասիոնի նախագահ Սարգիս Ստեփանեան արձանագրուած այս արդիւնքը նկատեց գերգոհացուցիչ: Նշենք, որ հաւաքականին մաս կազմող մարզիկներէն վեցը հաշմանդամ դարձած էին արցախեան 44-օրեայ պատերազմին ընթացքին: Այս ախոյեանութեան Հայաստանի հաւաքականին մաս կազմեցին 14 հայ...

Կռփամարտ.-Աշխարհի-Աղջկանց-Ախոյեանութիւն_51722

Կռփամարտ. Աշխարհի Աղջկանց Ախոյեանութեան. Հայաստանի Ներկայացուցիչները Որեւէ Մետալի Չտիրացան

Պոլսոյ մէջ (Թուրքիա) տեղի ունեցող աշխարհի կռփամարտի աղջկանց ախոյեանութիւնը բաւական անյաջող եղաւ հայ մարզիկներուն համար, որոնք իրենց ելոյթները աւարտեցին առանց որեւէ մետալի տիրանալու: Այս ախոյեանութեան Հայաստանը ներկայացուցին Գայեանէ Տէր Բարսեղեան (48 քկ), Անուշ Գրիգորեան (50 քկ), Եքաթերինա Սիչեւա (54 քկ) եւ Անի Յովսէփեան (70 քկ):

«Էն. Պի. Էյ.».  Յստակացան Արեւելեան Եւ Արեւմտեան Շրջաններուն  Աւարտական Հանգրուանին Հասած Խումբերը

«Էն. Պի. Էյ.». Յստակացան Արեւելեան Եւ Արեւմտեան Շրջաններուն Աւարտական Հանգրուանին Հասած Խումբերը

«ԷՆ. ՊԻ. ԷՅ.»-ի պասքեթպոլի ախոյեանութեան փլէյ օֆի կիսաւարտական հանգրուանին արձանագրուած արդիւնքներուն լոյսին տակ, յստակացան արեւելեան եւ արեւմտեան շրջաններուն աւարտական հանգրուանին հասած խումբերը: Արեւելեան շրջանէն երկրին գործող ախոյեանը` Միլուոքի Պաքս, 4-3 արդիւնքով պարտութիւն մը կրեց Պոսթըն Սելթիքսէն: Վերջինս աւարտականին իր դէմ պիտի ունենայ Մայեմի Հիթը, որ իր յաղթանակը արձանագրեց Ֆիլատելֆիա Սիքսըրզի դէմ, 4-2 արդիւնքով: Արեւմտեան շրջանի կիսաւարտականին, Տալաս Մավըրիքս 4-3 արդիւնքով...

Արեւմտեան Ասիոյ Պասքեթպոլի Ախոյեանութիւն.  Լիբանանի 16 Տարեկանէն Վար Տղոց Ազգային Խումբը  Ապահովեց Ասիոյ Ախոյեանութեան Իր Տոմսը

Արեւմտեան Ասիոյ Պասքեթպոլի Ախոյեանութիւն. Լիբանանի 16 Տարեկանէն Վար Տղոց Ազգային Խումբը Ապահովեց Ասիոյ Ախոյեանութեան Իր Տոմսը

Նախորդ շաբաթավերջին Յորդանանի մայրաքաղաք Ամմանէն Պէյրութ վերադարձաւ Լիբանանի 16 տարեկանէն վար տղոց պասքեթպոլի ազգային խումբը` իր մասնակցութիւնը բերելէ ետք Արեւմտեան Ասիոյ պասքեթպոլի 16 տարեկանէն վար ախոյեանութեան: Իր կատարած չորս մրցումներուն, արձանագրելով երեք յաղթանակ եւ կրելով պարտութիւն մը, Լիբանան յաջողեցաւ ապահովել Ասիոյ ախոյեանութեան իր տոմսը: Լիբանան, որ գրաւեց երկրորդ դիրքը, որեւէ պարտութիւն չկրած եւ առաջին հանդիսացած Իրանի հետ ապահովեց իր տոմսը:...

Սերժ Սարգսեան Վերընտրուեցաւ Հայաստանի  Ճատրակի Ֆետերասիոնի Նախագահ

Սերժ Սարգսեան Վերընտրուեցաւ Հայաստանի Ճատրակի Ֆետերասիոնի Նախագահ

Շաբաթ, 14 մայիսին, Երեւանի Տիգրան Պետրոսեանի անուան ճատրակի տան մէջ տեղի ունեցան Հայաստանի ճատրակի ֆետերասիոնին ընտրութիւնները: Հայաստանի ճատրակի ֆետերասիոնի նախագահ Սերժ Սարգսեան վերընտրուեցաւ` ապահովելով 108 պատուիրակներուն 107-ը ձայները (մէկ ձեռնպահ քուէ): Իր խօսքին մէջ Սարգսեան ըսաւ, որ թէեւ յառաջիկային մեծ յաջողութիւններ պէտք չէ ակնկալել անցեալին նման, սակայն ինք իր ամէն կարելին պիտի ընէ, որպէսզի Հայաստանի մէջ ճատրակը միշտ յառաջխաղացք արձանագրէ:...

Ազգերու-Լիկայի Ֆութպոլի Մրցաշարք.  Ուքրանիա-Հայաստան Մրցումը  Տեղի Պիտի Ունենայ Լեհաստանի Մէջ

Ազգերու-Լիկայի Ֆութպոլի Մրցաշարք. Ուքրանիա-Հայաստան Մրցումը Տեղի Պիտի Ունենայ Լեհաստանի Մէջ

Հայաստանի ֆութպոլի ֆետերասիոնին մամլոյ քարտուղարութիւնը կը տեղեկացնէ, որ «ԵՈՒ. Է. ԷՖ. Ա.»-ի ֆութպոլի մրցաշարքին, Ազգերու լիկայի Բ. դասակարգի Ա. խմբակի 3-րդ հանգրուանի Ուքրանիա-Հայաստան մրցումը տեղի պիտի ունենայ Լեհաստանի մէջ, 11 յունիսին, Լոց քաղաքի Միյեյսքի մարզադաշտին վրայ, որ կրնայ հիւրընկալել աւելի քան 18 հազար հանդիսատես: Հայրենի կազմը վերոնշեալ մրցաշարքին գծով իր առաջին մրցումը կը կատարէ 4 յունիսին, մրցելով Իրլանտայի դէմ, մինչ...

«Եու. Է. Էֆ. Ա.»-ի Զարգացման Մրցաշարք.  Հայաստանի 15 Տարեկանէն Վար Ֆութպոլի  Հաւաքականը Գրաւեց Երկրորդ Դիրքը

«Եու. Է. Էֆ. Ա.»-ի Զարգացման Մրցաշարք. Հայաստանի 15 Տարեկանէն Վար Ֆութպոլի Հաւաքականը Գրաւեց Երկրորդ Դիրքը

Հայաստանի ֆութպոլի ֆետերասիոնին ֆութպոլի ակադեմիային կազմակերպութեամբ, Աւանի մարզադաշտին մէջ տեղի ունեցած «ԵՈՒ. Է. ԷՖ. Ա.»-ի զարգացման մրցաշարքին, 15 տարեկանէն վար ֆութպոլի մրցաշարքին ծիրին մէջ, Հայաստանի 15 տարեկանէն վար հաւաքականը նախորդ շաբաթավերջին 2-0 արդիւնքով պարտութիւն մը կրելէ ետք Վրաստանէն, հանդիսացաւ երկրորդ (6 կէտով), մինչ յաղթական կազմը տիրացաւ տիտղոսին (7 կէտով): Երրորդ դիրքը 5 կէտով գրաւեց Մոլտովա, մինչ առանց կէտ մը ապահովելու...

Տիգրան Բարսեղեան Տուպլէ Մը Իրագործեց

Տիգրան Բարսեղեան Տուպլէ Մը Իրագործեց

Սլովաքիոյ ֆութպոլի ախոյեանութեան տիտղոսը ժամանակէն շուտ ապահոված Սլովան, որ նախորդ շաբաթավերջին հիւրը եղաւ Սերետին, արձանագրեց 3-0 արդիւնքով յաղթանակ մը: Յաղթական կազմէն տուպլէ մը իրագործեց Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականի յառաջապահ Տիգրան Բարսեղեան, 34-րդ եւ 65-րդ վայրկեաններուն: Այսպիսով, իր կատարած 31 մրցումներուն ընթացքին, Սլովան ապահովեց 73 կէտ, մինչ երկրորդ դիրքին վրայ գտնուող Ռուժոմպերոք, որ կատարած է 30 մրցում, իր տրամադրութեան տակ ունի...

Եւրոպայի 17 Տարեկանէն Վար  Ֆութպոլի Ախոյեանութիւն.  Հայ Իրաւարարը Ներկայ` Աւարտական  Հանգրուանի Մրցումներուն

Եւրոպայի 17 Տարեկանէն Վար Ֆութպոլի Ախոյեանութիւն. Հայ Իրաւարարը Ներկայ` Աւարտական Հանգրուանի Մրցումներուն

Հայաստանի ֆութպոլի ֆետերասիոնին մամլոյ քարտուղարութիւնը կը տեղեկացնէ, որ 16 մայիսէն 1 յունիս, Իսրայէլի մէջ տեղի ունենալիք Եւրոպայի 17 տարեկանէն վար ֆութպոլի ախոյեանութեան աւարտական հանգրուանի մրցումներուն, նկատի առնուած իրաւարարներուն կարգին է նաեւ հայրենի փորձառու եւ անուանի իրաւարար Հենրիկ Նալբանդեան: Ան պիտի ըլլայ Իտալիա-Գերմանիա զտումի առաջին մրցումին չորրորդ իրաւարարը: Ասկէ բացի, ան պիտի ըլլայ նաեւ Դանիա-Շուէտ մրցումին կեդրոնի իրաւարարը, մինչ անոր առաջին...

Պելճիքական Ֆութպոլ.  Ֆ. Ք. Պրիւժ Ախոյեան` 18-րդ Անգամ Ըլլալով

Պելճիքական Ֆութպոլ. Ֆ. Ք. Պրիւժ Ախոյեան` 18-րդ Անգամ Ըլլալով

Պելճիքայի ֆութպոլի ախոյեանութեան նախավերջին հանգրուանի մրցումներուն, պարագլուխի դիրքին վրայ գտնուող Ֆ. Ք. Պրիւժ, որ հիւրը եղաւ Անվերսին, արձանագրեց 3-1 արդիւնքով յաղթանակ մը: Յաղթական կազմին երրորդ կոլը նշանակեց Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականի յառաջապահ Սարգիս Ադամեան (66-րդ վայրկեանին): Իր արձանագրած այս յաղթանակին շնորհիւ, անիկա հանդիսացաւ երկրի ախոյեան` 18-րդ եւ յաջորդաբար երրորդ անգամ ըլլալով: Անիկա այսպիսով ունեցաւ 49 կէտ եւ վեց կէտի առաւելութիւն...

Անգլիոյ Ֆութպոլի Բաժակի Մրցաշարք.  Լիվըրփուլ Տիտղոսակիր` 8-րդ Անգամ Ըլլալով

Անգլիոյ Ֆութպոլի Բաժակի Մրցաշարք. Լիվըրփուլ Տիտղոսակիր` 8-րդ Անգամ Ըլլալով

Նախորդ շաբաթավերջին, «Ուեմպլի»-ի մարզադաշտին վրայ տեղի ունեցաւ Անգլիոյ ֆութպոլի բաժակի մրցաշարքի աւարտական հանգրուանի մրցումը, որուն ընթացքին իրարու դէմ ճակատեցան Չելսի եւ Լիվըրփուլ: Մրցումին 90 եւ ապա երկարաձգման 30 վայրկեանները աւարտեցան 0-0 արդիւնքով, ինչ որ պատճառ դարձաւ, որ դիմուի անխուսափելիին` փենալթիներուն: Լիվըրփուլ 8-րդ անգամ ըլլալով հանդիսացաւ տիտղոսակիր` արձանագրելով 6-5 արդիւնքով յաղթանակ մը: Նշենք, որ Լիվըրփուլ վերջին անգամ այս մրցաշարքին տիտղոսին տիրացած...

«Պունտըսլիկա».  Լեւանտովսքի Կրկնեց Կերթ Միւլըրի Մրցանիշը

«Պունտըսլիկա». Լեւանտովսքի Կրկնեց Կերթ Միւլըրի Մրցանիշը

Նախորդ շաբաթավերջին իր աւարտին հասաւ Գերմանիոյ ֆութպոլի ախոյեանութեան («Պունտըսլիկա») 2021-2022 տարեշրջանը, երբ կատարուեցան 34-րդ եւ վերջին հանգրուանի մրցումները: Ախոյեանութեան տիտղոսը շաբաթներ առաջ ապահոված Պայէրն Միւնիխ տարեշրջանը աւարտեց 77 կէտով, մինչ երկրորդ դիրքը գրաւած Պորուսիա Տորթմունտ` 69 կէտով: Իր կազմին հետ ախոյեան հանդիսացած 33 տարեկան լեհ յառաջապահ Ռոպերթ Լեվանտովսքի, որ 7-րդ անգամ ըլլալով (յաջորդաբար 5-րդ անգամ ըլլալով) հանդիսացաւ «Պունտըսլիկա»-ի լաւագոյն ռմբարկուն,...

«Քալչիօ».  Ճենովա Փոխադրուեցաւ Բ. Դասակարգ

«Քալչիօ». Ճենովա Փոխադրուեցաւ Բ. Դասակարգ

Իտալիոյ ֆութպոլի ախոյեանութեան («Քալչիօ») 37-րդ եւ նախավերջին հանգրուանի մրցումներուն, Ճենովա 3-0 արդիւնքով պարտութիւն մը կրելէ ետք Նափոլիի դաշտին վրայ, փոխադրուեցաւ Բ. դասակարգ: Իր կրած այս պարտութենէն ետք, Ճենովա այժմ կը գրաւէ դասաւորման 19-րդ եւ նախավերջին դիրքը` 28 կէտով: Անոր հետ միասին Բ. դասակարգ պիտի փոխադրուի նաեւ վերջին դիրքին վրայ գտնուող Վենեցիա, մինչ երրորդ վերջին խումբին անունը (Սալերնիթանա կամ Քալիարի) պիտի...

Page 401 of 1280 1 … 400 401 402 … 1,280

Արխիւներ