Այս շաբաթասկիզբին Հայաստանի ֆութպոլի ֆետերասիոնին ֆութպոլի ակադեմիային մէջ սկսած «ԵՈՒ. Է. ԷՖ. Ա.»-ի 14 տարեկանէն վար ֆութպոլի զարգացման մրցաշարքը վերջ գտաւ Հայաստանի հաւաքականին յաղթանակով, որ տիտղոսակիր դարձաւ 1-0 արդիւնքով յաղթանակ մը արձանագրելէ ետք Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններուն դէմ:
Մրցումին միակ կոլը նշանակեց Սարգիս Գասպարեան, 44-րդ վայրկեանին:
Հայաստանի ետին (6 կէտ) երկրորդ դիրքը գրաւեցին Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններ (3 կէտ), մինչ Լիբանան առանց ոչ մէկ կէտ ապահովելու հանդիսացաւ երրորդ:
Նշենք, որ հաւաքականին գլխաւոր մարզիչն է Կարէն Աւոյեան: