Մարզական

Մոտրիչ Իր Պայմանագրութիւնը Երկարաձգեց Ռէալ Մատրիտի Հետ

Մոտրիչ Իր Պայմանագրութիւնը Երկարաձգեց Ռէալ Մատրիտի Հետ

Խրուաթիոյ ֆութպոլի ազգային խումբի միջնապահ Լուքա Մոտրիչ նոր պայմանագրութիւն մը ստորագրեց իր ակումբին` Ռէալ Մատրիտի հետ: Արքայական ակումբին մամլոյ քարտուղարութիւնը յայտնեց, որ կողմերուն միջեւ նոր համաձայնագիրը նախատեսուած է մինչեւ 30 յունիս 2023: 36 տարեկան ֆութպոլիստը, որ մայրաքաղաքի կազմին հետ ելոյթ կ'ունենայ 2012-էն ի վեր, ցարդ 436 մրցումի ընթացքին նշանակած է 31 կոլ եւ կատարած 73 էսիսթ: Անոր փոխանցման արժէքը ներկայիս...

Թեւեզ Որոշեց Աւարտել Ֆութպոլիստի Իր Արհեստավարժ Ասպարէզը

Թեւեզ Որոշեց Աւարտել Ֆութպոլիստի Իր Արհեստավարժ Ասպարէզը

Արժանթինցի 38 տարեկան յառաջապահ` Քարլոս Թեւեզ նախորդ շաբաթավերջին իր կատարած յայտարարութեան ընթացքին ըսաւ, որ կու գայ վերջ մը դնելու ֆութպոլիստի իր արհեստավարժ ասպարէզին: Անոր վերջին ակումբը եղաւ արժանթինեան Պոքա Ժունիորզը, ուրկէ ան հեռացաւ իբրեւ ազատ ֆութպոլիստ` նկատի ունենալով, որ անոր պայմանագրութիւնը հասաւ իր աւարտին: Ֆութպոլիստի իր արհեստավարժ ասպարէզին ընթացքին ան մաս կազմած է նաեւ Քորինթիանսի, Ուեսթ Համի, Մանչեսթըր Եունայթըտի, Մանչեսթըր...

Հերի Քէյն` Անգլիոյ Ֆութպոլի Ազգային Խումբին Երկրորդ Լաւագոյն Ռմբաձիգը

Հերի Քէյն` Անգլիոյ Ֆութպոլի Ազգային Խումբին Երկրորդ Լաւագոյն Ռմբաձիգը

«Ազգերու լիկա»-ի ֆութպոլի մրցաշարքին գծով տեղի ունեցած Գերմանիա-Անգլիա զտումի մրցումին (1-1), որ կ՛իյնայ Ա. դասակարգի Գ. խմբակին ծիրին մէջ, աւարտէն երկու վայրկեան առաջ խմբապետ Հերի Քէյն, փենալթիով նշանակեց իր կազմին հաւասարութեան կոլը: Իր նշանակած այս կոլին շնորհիւ, Քէյն դարձաւ Անգլիոյ ֆութպոլի ազգային խումբի պատմութեան երկրորդ լաւագոյն ռմբաձիգը` 50 կոլով (71 մրցում): Այսպիսով, 28 տարեկան յառաջապահը գերազանցեց անցեալի անուանի ֆութպոլիստ Պոպի...

Լիբանանեան Պասքեթպոլ.  ՀՄԸՄ Անթիլիաս-Պէյրութ` 51-79

Լիբանանեան Պասքեթպոլ. ՀՄԸՄ Անթիլիաս-Պէյրութ` 51-79

Լիբանանի պասքեթպոլի աղջկանց Ա. դասակարգի ախոյեանութեան կիսաւարտական հանգրուանի (ֆայնըլ ֆոր) մրցումներուն ծիրին մէջ, երէկ  «Աղբալեան-ՀՄԸՄ» մարզամշակութային համալիրի «Ատոմ եւ Սելլա Թնճուկեան մարզադաշտին վրայ տեղի ունեցաւ ՀՄԸՄ Անթիլիաս-Պէյրութ մրցումը: Անիկա աւարտեցաւ հիւր կազմին յաղթանակով` 79-51 արդիւնքով: Մրցումին չորս քորթըրները ընթացան հետեւեալ ձեւով. 11-21, 8-17, 17-29 եւ 15-12: Կիսաւարտական հանգրուանին գծով երեք մրցումէ երկու յաղթանակ արձանագրող խումբը կ՛ապահովէ աւարտականի իր տոմսը: Ինչ...

Լիբանանի Թաու Լուի Ախոյեանութիւն.   Այնճարի Սեւ Գօտիները Հանդիսացան Առաջին

Լիբանանի Թաու Լուի Ախոյեանութիւն. Այնճարի Սեւ Գօտիները Հանդիսացան Առաջին

Կազմակերպութեամբ Լիբանանի Քոնկ ֆու  ուու շուի ֆետերասիոնին, գործակցութեամբ Այնճարի Սեւ գօտիներու միութեան եւ պատկան մարմիններու, կիրակի, 5 յունիսին, Այնճարի ՀՄԸՄ-ի մարզահամալիրին մէջ տեղի ունեցաւ Լիբանանի Թաու Լուի ախոյեանութիւնը: Անիկա տեղի ունեցաւ ներկայութեամբ եւ հսկողութեամբ Լիբանանի Քոնկ ֆու Ուու շուի ֆետերասիոնի նախագահ Ժորժ Նըսէյրի, Ա. փոխնախագահ Ժաք Տաղլեանի, ֆետերասիոնի այլ անդամներու, իրաւարարներու նախագահ մասթըր Աւետիս Սերոբեանի եւ վեց իրաւարարներու: Բացման հանդիսութեան...

Աթլեթիզմ.  Հայաստան Մալթայի Մէջ Կը Մասնակցի Եւրոպայի Փոքր Երկիրներու Ախոյեանութեան

Աթլեթիզմ. Հայաստան Մալթայի Մէջ Կը Մասնակցի Եւրոպայի Փոքր Երկիրներու Ախոյեանութեան

Հայաստանի ազգային ողիմպիական կոմիտէին պաշտօնական կայքը յայտնեց, որ Մալթայի մէջ տեղի ունենալիք Եւրոպայի աթլեթիզմի փոքր երկիրներու ախոյեանութեան, Հայաստան իր մասնակցութիւնը կը բերէ 15 մարզիկով (8 տղաք եւ 7 աղջիկներ): Հաւաքականին մէջ են Հայաստանի յառաջատար մարզիկներ Գոռ Բեգլարեան, Արտակ Համբարձումեան, Գայեանէ Չիլոյեան եւ Ռազմիկ Մկրտչեան: Նշուեցաւ, որ վաղը` ուրբաթ, 10 յունիսին, պատուիրակութեան կը միանայ Հայաստանի աթլեթիզմի ֆետերասիոնին նախագահ Ռոպերթ Էմմիեան: Ախոյեանութեան...

Լիբանանեան Պասքեթպոլ.  Ռիատի Պէյրութ Այսօր Կրնայ Հանդիսանալ Լիբանանի Ախոյեան

Լիբանանեան Պասքեթպոլ. Ռիատի Պէյրութ Այսօր Կրնայ Հանդիսանալ Լիբանանի Ախոյեան

Լիբանանի պասքեթպոլի տղոց Ա. դասակարգի ախոյեանութեան աւարտական հանգրուանին ծիրին մէջ, այսօր` չորեքշաբթի, 8 յունիսին, տեղի կ՛ունենայ Ռիատի Պէյրութ-Պէյրութ վեցերորդ ճակատումը: Այս մրցումը, որ տեղի պիտի ունենայ Մանարայի դաշտին վրայ (դռնփակ), պիտի սկսի երեկոյեան ժամը 21:40-ին: Հիւրընկալ կազմը երկրորդ մրցումն ըլլալով պիտի մրցի առանց իր համակիրներուն` Լիբանանի պասքեթպոլի ֆետերասիոնին որոշումով կախակայուած ըլլալուն պատճառով: Երկու կազմերուն միջեւ նախանցեալ օրուան հինգերորդ մրցումը, որ...

«Ա. Թէ. Սէ. Էլ.»  Կիրակի, 12 Յունիսին` Լիբանանի Գարնանային 37-րդ Ռելին

«Ա. Թէ. Սէ. Էլ.» Կիրակի, 12 Յունիսին` Լիբանանի Գարնանային 37-րդ Ռելին

Կազմակերպութեամբ «Ա. Թէ. Սէ. Էլ.»-ին, կիրակի, 12 յունիսին, Քեսրուան-Ժիպէյլ շրջանին մէջ տեղի պիտի ունենայ Լիբանանի գարնանային 37-րդ ռելին: Այս ռելիին ընդհանուր երկարութիւնը պիտի ըլլայ 232,27 քմ: Անոր մեկնարկը պիտի տրուի առաւօտեան ժամը 7:00-ին, «Քազինօ Տիւ Լիպան»-ին առջեւէն: Կազմակերպիչ ակումբը յայտնեց, որ ինքնաշարժներուն եւ անոնց շարժակներուն քննութիւնները տեղի պիտի ունենան ուրբաթ, 10 յունիսին, Քասլիքի մէջ գտնուող ակումբին կեդրոնատեղիին մէջ: Այս ռելիին...

«Ազգերու Լիկա»-ի Ֆութպոլի Մրցաշարք.  Այսօր` Սկովտիա-Հայաստան

«Ազգերու Լիկա»-ի Ֆութպոլի Մրցաշարք. Այսօր` Սկովտիա-Հայաստան

Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականը, որ երէկ հասաւ Սկովտիոյ մայրաքաղաք Կլասքօ, այսօր` չորեքշաբթի, 8 յունիսին մրցում մը ունի կատարելիք դաշտին տիրոջ դէմ, ժամը 21:45-ին` Պէյրութի ժամանակացոյցով: Նշենք, որ այս մրցումը կ՛իյնայ «Ազգերու-լիկա»-ի ֆութպոլի մրցաշարքի Բ. դասակարգի Ա. խմբակի 2-րդ հանգրուանի մրցումներուն ծիրին մէջ: Հայրենի կազմը Սկովտիա հասաւ հետեւեալ կազմով. Բերդապահներ. Դաւիթ Եուրչենքօ, Սթանիսլաւ Բուչնեւ (Փիւնիկ), Արսէն Բեգլարեան (Ուրարտու) եւ Հենրի Աւագեան...

«Եւրօ-2023».  Հայաստանի 21 Տարեկանէն Վար Հաւաքականը 4-1 Արդիւնքով Պարտութիւն Մը Կրեց Ֆրանսայէն

«Եւրօ-2023». Հայաստանի 21 Տարեկանէն Վար Հաւաքականը 4-1 Արդիւնքով Պարտութիւն Մը Կրեց Ֆրանսայէն

«Եու. Է. Էֆ. Ա. »-ի Եւրոպայի ֆութպոլի ախոյեանութեան («ԵՒՐՕ-2023») 21 տարեկանէն վար զտումի մրցաշարքին ծիրին մէջ, Հայաստանի հաւաքականը, որ 9-րդ հանգրուանի մրցումներուն մրցեցաւ Ֆրանսայի դէմ, անկէ կրեց 4-1 արդիւնքով պարտութիւն մը: Հայրենի կազմին միակ կոլը 69-րդ վայրկեանին նշանակեց Ժիրայր Շաղոյեան: Իր արձանագրած այս յաղթանակէն ետք, այժմ Ֆրանսա, որ ապահոված է 25 կէտ, կը գրաւէ Ը. խմբակին պարագլուխի դիրքը: Իսկ Հայաստան,...

Հայաստանի Տղոց Պասքեթպոլի Ազգային Խումբը Պիտի Նախապատրաստուի Փոքր Երկիրներու Եւրոպայի Ախոյեանութեան

Հայաստանի Տղոց Պասքեթպոլի Ազգային Խումբը Պիտի Նախապատրաստուի Փոքր Երկիրներու Եւրոպայի Ախոյեանութեան

Հայաստանի պասքեթպոլի Ա. Լիկայի նախագահ Արա Պօղոսեան իր կատարած մէկ յայտարարութեան ընթացքին ըսաւ, որ 13 յունիսին Հայաստանի ազգային հաւաքականը պիտի սկսի նախապատրաստուելու Եւրոպայի տղոց պասքեթպոլի փոքր երկիրներու ախոյեանութեան: Ան ըսաւ, որ բնականաբար խումբին կորիզը պիտի կազմեն Հայաստանի ախոյեանութեան ընթացքին տպաւորիչ արդիւնքներ արձանագրած մարզիկները: Նախորդ խումբէն, որ յաղթեց փոքր երկիրներու ախոյեանութեան, կազմին մէջ կը մնան Անտրէ Սփայթ Մկրտչեան եւ Միքայէլ Պօղոսեան:...

Երեւանի 171-րդ Հիմնական Դպրոցը  Անուանակոչուեցաւ Կարէն Ասրեանի Անունով

Ճատրակ. Կարէն Ասրեանի Անուան 13-րդ Յուշամրցաշարքին Մեկնարկը Տրուեցաւ

Երէկ` երեքշաբթի, 7 յունիսին, Տիգրան Պետրոսեանի անուան ճատրակի տան մէջ մեկնարկը տրուեցաւ ճատրակի կրանտմասթըր Կարէն Ասրեանի անուան 13-րդ յուշամրցաշարքին, որուն իրենց մասնակցութիւնը կը բերեն 8 երկիրներէ 100 ճատրակ խաղացողներ (9-ը` կրանտմասթըրներ): Բացի Հայաստանէն, մասնակիցներ կան Պրազիլէն, Հնդկաստանէն, Իրանէն, Ղազախստանէն, ֆիլիփեան կղզիներէն եւ Ռուսիայէն: Մրցաշարքին բոլոր մասնակցողներուն մէջ ամէնէն բարձր վարկանիշը ունի Հայաստանի ճատրակի ազգային հաւաքականի յառաջատար Հրանդ Մելքումեան (2655): Անոր...

Նէյմար Կերտեց Պրազիլի Յաղթանակը

Նէյմար Կերտեց Պրազիլի Յաղթանակը

Ֆութպոլի միջազգային բարեկամական մրցումի մը ընթացքին, Ճափոնի մայրաքաղաք Թոքիոյի մէջ իրարու դէմ մրցեցան Ճափոն եւ Պրազիլ: Մրցումը վերջ գտաւ հիւր կազմին յաղթանակով` 1-0 արդիւնքով: Ֆրանսայի ֆութպոլի ախոյեան Փարիզ Սեն Ժերմենի յառաջապահ Նէյմար մրցումին 77-րդ վայրկեանին փենալթիով նշանակեց յաղթական կազմին կոլը: Նշենք, որ 11 յունիսին Պրազիլ ֆութպոլի բարեկամական մրցումի մը ընթացքին այս անգամ պիտի մրցի «Քոփա Ամերիկա»-ի տիտղոսակիր Արժանթինի դէմ:  

Կաւի Գերազանցեց Ֆաթիին

Կաւի Գերազանցեց Ֆաթիին

Սպանիոյ ֆութպոլի ազգային խումբին եւ Պարսելոնային մաս կազմող միջնապահ Կաւի, որ իր մասնակցութիւնը բերաւ Չեխիոյ դէմ տեղի ունեցած մրցումին («Ազգերու լիկա»-ի ֆութպոլի մրցաշարք), յաջողեցաւ նոր մրցանիշ մը հաստատել: Ան այսպիսով դարձաւ երկրին ամէնէն երիտասարդ ֆութպոլիստը, որ կոլի հեղինակ կը դառնայ: Կաւի, որ 17 տարեկան եւ 304 օրական է, այսպիսով գերազանցեց Պարսելոնայի մէկ այլ ֆութպոլիստը` Անսու Ֆաթիին, որ կոլի հեղինակ դարձած...

Տի Մարիա Կը Սպասէ Պարսելոնայի Առաջարկին

Տի Մարիա Կը Սպասէ Պարսելոնայի Առաջարկին

Սպանական մարզական մամուլին համաձայն, Արժանթինի ֆութպոլի ազգային խումբի յառաջապահ Անխել տի Մարիա, որ 30 յունիսին կը դառնայ ազատ ֆութպոլիստ մը, ներկայիս կը սպասէ քաթալոնական Պարսելոնայի առաջարկին: Փարիզ Սեն Ժերմենէն հեռացած Անխել տի Մարիա կը փափաքի ֆութպոլիստի իր արհեստավարժ ասպարէզը շարունակել Պարսելոնայի հետ, այս մասին հաղորդեց սպանական հանրածանօթ «Մունտօ Տեփորթիւօ» օրաթերթը: Ըստ իտալական մարզական մամուլին, տի Մարիա արդէն իսկ նախնական համաձայնութեան...

Թենիս. Ճոքովիչ Կը Շարունակէ Մնալ Պարագլուխի Դիրքին Վրայ. Կարէն Խաչանով Երկու Դիրքի Ոստում Մը Արձանագրեց

Թենիս. Ճոքովիչ Կը Շարունակէ Մնալ Պարագլուխի Դիրքին Վրայ. Կարէն Խաչանով Երկու Դիրքի Ոստում Մը Արձանագրեց

Թենիսի միջազգային ֆետերասիոնին կողմէ հրապարակուած միջազգային նոր դասաւորման մէջ, սերպ Նովաք ճոքովիչ շարունակեց մնալ պարագլուխի դիրքին վրայ` իր տրամադրութեան տակ ունենալով 8770 վարկանշային կէտ: Երկրորդ դիրքին վրայ կը գտնուի Տանիիլ Մետվետեւ (Ռուսիա, 8160), մինչ լաւագոյն եռեակը կ՛ամբողջացնէ գերմանացի Ալեքսանտր Զվերեւ (7795): Սպանացի Ռաֆայէլ Նատալ, որ նախանցեալ օր տիրացաւ «Ռոլան Կարոս»-ի կրան շլեմի միջազգային բաց մրցաշարքի տիտղոսին, 5-րդ դիրքէն բարձրացաւ 4-րդ...

Հայ Սեւ Գօտիներու Միութիւնը (ԱՊՊԱ) 9 Ոսկի Մետալներ Կ՛ապահովէ

Հայ Սեւ Գօտիներու Միութիւնը (ԱՊՊԱ) 9 Ոսկի Մետալներ Կ՛ապահովէ

Հայ սեւ գօտիներու միութեան մարզիկները միութեան հիմնադիրին` մասթըր Կարօ Քէպապճեանին նշանաբանին («Առողջ մարմին, արթուն միտք, ազնիւ հոգի»), հետեւելով մասնակցեցան Լիբանանի Ուու շու-քոնկ ֆուի ֆետերասիոնին կազմակերպած Լիբանանի ախոյեանութեան մրցումներուն եւ ապահովեցին 8 ոսկի մետալներ: Մրցումները տեղի ունեցան կիրակի, 5 յունիս 2022-ին, Այնճարի ՀՄԸՄ-ի մարզադաշտին մէջ: Ոսկի մետալներ ստացան հետեւեալ մարզիկ-մարզիկուհիները. Յարութ Վարդանեան - 2 ոսկի մետալ Ճէյսըն Աբիկեան - 2 ոսկի...

2022-ի Մոնտիալ.  Կալեսի Ազգային Խումբը 64 Տարուան Մէջ Առաջին Անգամ Ըլլալով Ապահովեց Աւարտական Հանգրուանի Իր Տոմսը

2022-ի Մոնտիալ. Կալեսի Ազգային Խումբը 64 Տարուան Մէջ Առաջին Անգամ Ըլլալով Ապահովեց Աւարտական Հանգրուանի Իր Տոմսը

Քարտիֆի մէջ տեղի ունեցած 2022-ի Մոնտիալի փլէյ օֆի աւարտական հանգրուանի մրցումը նախորդ շաբաթավերջին իրարու դէմ հանեց Կալեսն ու Ուքրանիան: 64 տարուան երկար սպասումէ մը ետք, Կալես ապահովեց Մոնտիալի աւարտական հանգրուանի մրցումներուն իր տոմսը` 1-0 արդիւնքով յաղթանակ մը արձանագրելէ ետք ուքրանացիներուն դէմ: Մրցումին 34-րդ վայրկեանին Կերըթ Պէյլի ազատ հարուածէն ետք, լոնտոնեան Ուեսթ Համի յառաջապահ Անտրէյ Եարմոլենքօ սխալմամբ (գլուխով) գնդակը զետեղեց իր...

Ծանրաբարձութիւն. Եւրոպայի Ախոյեանութիւն. Վարազդատ Լալայեան` Փոխախոյեան. Հայաստանի Հաւաքականը Հանդիսացաւ Երրորդ

Ծանրաբարձութիւն. Եւրոպայի Ախոյեանութիւն. Վարազդատ Լալայեան` Փոխախոյեան. Հայաստանի Հաւաքականը Հանդիսացաւ Երրորդ

Նախորդ շաբաթավերջին Ալպանիոյ մայրաքաղաք Թիրանայի մէջ իր աւարտին հասաւ Եւրոպայի ծանրաբարձութեան ախոյեանութիւնը: Ախոյեանութեան վերջին օրը Հայաստան տիրացաւ երկու մետալի: 109 քկ եւ վեր դասակարգին մէջ Եւրոպայի փոխախոյեան հանդիսացաւ Վարազդատ Լալայեան (451 քկ), մինչ պրոնզէ մետալին տիրացաւ, ողիմպիական խաղերու փոխախոյեան` Գոռ Մինասեան (446 քկ): Այս դասակարգի մրցումներուն, 7-րդ անգամ ըլլալով Եւրոպայի ախոյեան հանդիսացաւ վրացի Լաշա Թալախածէ (462 քկ): Տիրանալով ընդամէնը 7...

Հայաստանի Ֆութպոլի Ազգային Հաւաքականը Մեկնեցաւ Սկովտիա

Հայաստանի Ֆութպոլի Ազգային Հաւաքականը Մեկնեցաւ Սկովտիա

Երէկ` երկուշաբթի, 6 յունիսին Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականը մեկնեցաւ Սկովտիա, ուր վաղը` չորեքշաբթի, մրցում մը ունի կատարելիք դաշտին տիրոջ դէմ: Նշենք, որ այս մրցումը, որ կ՛իյնայ «Ազգերու լիկա»-ի ֆութպոլի մրցաշարքի Բ. դասակարգի Ա. խմբակին ծիրին մէջ, պիտի սկսի ժամը  21:45-ին (Պէյրութի ժամանակցոյցով): Ինչպէս ծանօթ է, հայրենի կազմը այս մրցաշարքը սկսաւ յաղթանակով մը, 1-0 արդիւնքով պարտութեան մատնելով Իրլանտան, մինչ Սկովտիա ցարդ...

Page 394 of 1280 1 … 393 394 395 … 1,280

Արխիւներ