Երէկ` երկուշաբթի, 6 յունիսին Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականը մեկնեցաւ Սկովտիա, ուր վաղը` չորեքշաբթի, մրցում մը ունի կատարելիք դաշտին տիրոջ դէմ:
Նշենք, որ այս մրցումը, որ կ՛իյնայ «Ազգերու լիկա»-ի ֆութպոլի մրցաշարքի Բ. դասակարգի Ա. խմբակին ծիրին մէջ, պիտի սկսի ժամը 21:45-ին (Պէյրութի ժամանակցոյցով):
Ինչպէս ծանօթ է, հայրենի կազմը այս մրցաշարքը սկսաւ յաղթանակով մը, 1-0 արդիւնքով պարտութեան մատնելով Իրլանտան, մինչ Սկովտիա ցարդ մրցում չէ կատարած:
«ԵՈՒ. Է. ԷՖ. Ա.»-ի պաշտօնական կայքը երէկ հաղորդեց, որ այս մրցումին կեդրոնի իրաւարարը պիտի ըլլայ աւստրիացի Սեպասթիան Կիշամեր, որուն օգնականները եւս պիտի ըլլան Աւստրիայէն:
Այս մրցումը, որ տեղի պիտի ունենայ «Հեմփտըն Փարք» մարզադաշտին մէջ, կրնայ հիւրընկալել շուրջ 52 հազար հանդիսատես:


