Լիբանանի պասքեթպոլի աղջկանց Ա. դասակարգի ախոյեանութեան կիսաւարտական հանգրուանի (ֆայնըլ ֆոր) մրցումներուն ծիրին մէջ, երէկ «Աղբալեան-ՀՄԸՄ» մարզամշակութային համալիրի «Ատոմ եւ Սելլա Թնճուկեան մարզադաշտին վրայ տեղի ունեցաւ ՀՄԸՄ Անթիլիաս-Պէյրութ մրցումը:
Անիկա աւարտեցաւ հիւր կազմին յաղթանակով` 79-51 արդիւնքով:
Մրցումին չորս քորթըրները ընթացան հետեւեալ ձեւով. 11-21, 8-17, 17-29 եւ 15-12:
Կիսաւարտական հանգրուանին գծով երեք մրցումէ երկու յաղթանակ արձանագրող խումբը կ՛ապահովէ աւարտականի իր տոմսը:
Ինչ կը վերաբերի կիսաւարտականի երկրորդ մրցումին, անիկա տեղի պիտի ունենայ Ռիատի Պէյրութի եւ Հուփսի միջեւ:


