Մարզական

«Ազգերու Լիկա»-ի Ֆութպոլի Մրցաշարք.  Այսօր` Հայաստան-Սկովտիա Դարձի Մրցումը

«Ազգերու Լիկա»-ի Ֆութպոլի Մրցաշարք. Այսօր` Հայաստան-Սկովտիա Դարձի Մրցումը

Այսօր` երեքշաբթի, 14 յունիսին, Երեւանի Վազգէն Սարգսեանի անուան հանրապետական մարզադաշտին վրայ տեղի պիտի ունենայ Հայաստան-Սկովտիա դարձի մրցումը: Այս ճակատումը կ՛իյնայ «Ազգերու լիկա»-ի ֆութպոլի մրցաշարքի Բ. խմբակի Ա. խմբակին 4-րդ հանգրուանի զտումի մրցումներուն ծիրին մէջ: Մրցումին ազդանշանը պիտի տրուի ժամը 19:00-ին` Պէյրութի ժամանակացոյցով: Երթի մրցումը, որ տեղի ունեցաւ նախորդ 8 յունիսին, աւարտեցաւ դաշտին տիրոջ` Սկովտիոյ յաղթանակով, 2-0 արդիւնքով: Նշենք, որ զտումի...

Ինֆանթինօ Եւ Զեֆերին Պիտի Այցելեն Հայաստան

Ինֆանթինօ Եւ Զեֆերին Պիտի Այցելեն Հայաստան

ՖԻՖԱ-ի նախագահ Ճիաննի Ինֆանթինօ եւ «ԵՈՒ.Է. ԷՖ. Ա.»-ի նախագահ Ալեքսանտր Զեֆերին պիտի այցելեն Հայաստան, այս մասին յայտնեց Հայաստանի ֆութպոլի ֆետերասիոնին պաշտօնական կայքը: Անոնք պիտի մասնակցին Հայաստանի ֆութպոլի ֆետերասիոնին 30-ամեակին նուիրուած` 15 եւ 16 յունիսին նախատեսուած ձեռնարկներուն: Ծովագիւղի 20x40 փոքր մարզադաշտին մէջ տեղի պիտի ունենայ ֆութպոլի ցուցադրական մրցում մը, որուն իրենց մասնակցութիւնը պիտի բերեն անուանի բազմաթիւ ֆութպոլիստներ, որոնց կարգին` Ֆերնանտօ Հիերօ,...

«Եւրօ-2023»-ի Ֆութպոլի Զտումի Մրցաշարք.  Հայաստանի 21 Տարեկանէն Վար Հաւաքականը Իր Ելոյթը Աւարտեց Գրաւելով Ը. Խմբակին Վերջին Դիրքը

«Եւրօ-2023»-ի Ֆութպոլի Զտումի Մրցաշարք. Հայաստանի 21 Տարեկանէն Վար Հաւաքականը Իր Ելոյթը Աւարտեց Գրաւելով Ը. Խմբակին Վերջին Դիրքը

Ռաֆայէլ Նազարեանի գլխաւորած կազմը` Հայաստանի 21 տարեկանէն վար ֆութպոլի հաւաքականը, նախորդ շաբաթավերջին իր ելոյթը աւարտեց «Եւրօ-2023»-ի ֆութպոլի զտումի մրցաշարքին ծիրին գծով, երբ 10-րդ հանգրուանին իր կատարած վերջին մրցումին 2-0 արդիւնքով պարտութիւն մը կրեց իր հիւրէն` Ուքրանիայէն: Հայրենի կազմը 3 կէտով միայն գրաւեց խմբակին 6-րդ եւ վերջին դիրքը, մինչ Ուքրանիա, որ գրաւեց երկրորդ դիրքը եւ ապահովեց 23 կէտ, իրաւունք ստացաւ մասնակցելու...

Մարսելօ Հեռացաւ Ռէալ Մատրիտէն

Մարսելօ Հեռացաւ Ռէալ Մատրիտէն

Ռէալ Մատրիտի պաշտօնական կայքը յայտնեց, որ ակումբին մաս կազմող պրազիլցի յետսապահ Մարսելօ հեռացաւ խումբէն: 34 տարեկան պրազիլցին, որ արքայական ակումբին մաս կը կազմէ 15 տարիէ ի վեր, իր կազմին հետ իր վերջին մրցումը կատարեց Լիվըրփուլի դէմ տեղի ունեցած «Չեմփիընզ Լիկ»-ի ֆութպոլի մրցաշարքին աւարտականին, որ տեղի ունեցաւ Ֆրանսայի մայրաքաղաք  Փարիզի մէջ: 15 տարուան ընթացքին ան մայրաքաղաքի կազմին հետ կատարեց 545 մրցում,...

Մանչեսթըր Սիթի Ներկայացուց Էրլինկ Հաալանտը

Մանչեսթըր Սիթի Ներկայացուց Էրլինկ Հաալանտը

Անգլիոյ ֆութպոլի ախոյեան Մանչեսթըր Սիթի 5 տարուան պայմանագրութիւն մը ստորագրեց Նորվեկիոյ ֆութպոլի ազգային խումբի 21 տարեկան յառաջապահ Էրլինկ Հաալանտի հետ, այս մասին յայտնեց անգլիական ակումբին մամլոյ քարտուղարութիւնը: Անոր փոխանցման համար Սիթի անոր ակումբին` Պորուսիա Տորթմունտին վճարեց 75 միլիոն եւրօ: Անոր շաբաթական աշխատավարձը պիտի կազմէ 500 հազար սթերլինկ (տարեկան` 34 միլիոն ամերիկեան տոլար), ինչ որ կը նշանակէ, որ ան Անգլիոյ ամէնէն...

Լիբանանի Ֆութպոլի Բաժակի Մրցաշարք.  Նըժմէ Տիրացաւ Տիտղոսին` 2-1 Արդիւնքով Յաղթելէ Ետք Անսարին

Լիբանանի Ֆութպոլի Բաժակի Մրցաշարք. Նըժմէ Տիրացաւ Տիտղոսին` 2-1 Արդիւնքով Յաղթելէ Ետք Անսարին

Շաբաթ, 11 յունիսին, Ճիւնիի «Ֆուատ Շեհապ» մարզադաշտին վրայ տեղի ունեցաւ Լիբանանի ֆութպոլի բաժակի մրցաշարքի աւարտական հանգրուանի մրցումը, որուն ընթացքին մեծաթիւ հանդիսատեսներու ներկայութեան իրարու դէմ մրցեցան երկրին ամէնէն շատ համակիր ունեցող խումբերը` Նըժմէ եւ Անսար: Մրցումը վերջ գտաւ Նըժմէի յաղթանակով` 2-1 արդիւնքով: Մրցումին 38-րդ վայրկեանին, Նըժմէ բացաւ անոր հաշիւը` շնորհիւ Ալի Ալաէտտինի: 61-րդ վայրկեանին Իսաքա Տիարա նշանակեց Անսարի հաւասարութեան կոլը: Մրցումին...

«Ազգերու Լիկա»-ի Ֆութպոլի Մրցաշարք.  Հայաստանի Ազգային Հաւաքականը 3-0 Արդիւնքով Պարտութիւն Մը Կրեց Ուքրանիայէն

«Ազգերու Լիկա»-ի Ֆութպոլի Մրցաշարք. Հայաստանի Ազգային Հաւաքականը 3-0 Արդիւնքով Պարտութիւն Մը Կրեց Ուքրանիայէն

Լեհաստանի Լոտծ քաղաքին մէջ տեղի ունեցած Ուքրանիա-Հայաստան մրցումը, որ կ՛իյնայ «Ազգերու Լիկա»-ի ֆութպոլի զտումի մրցաշարքի Բ. դասակարգի Ա. խմբակի 3-րդ հանգրուանի ծիրին մէջ, վերջ գտաւ ուքրանացիներուն յաղթանակով, 3-0 արդիւնքով: Յաղթական կազմը իր կոլերը նշանակեց 61-րդ, 77-րդ եւ 84-րդ վայրկեաններուն: Այսպիսով, Ուքրանիա, որ ցարդ կատարած է երկու մրցում, ապահովեց առաւելագոյն վեց կէտը, մինչ հայրենի կազմը, որ ցարդ կատարած է երեք մրցում,...

Ըմբշամարտ.  Հայաստանի Հաւաքականը 4 Մետալի Տիրացաւ Իրանի Մէջ

Ըմբշամարտ. Հայաստանի Հաւաքականը 4 Մետալի Տիրացաւ Իրանի Մէջ

Հայաստանի ազատ ոճի ըմբշամարտի հաւաքականը, որ իր մասնակցութիւնը բերաւ Իրանի Թոնեքապոն քաղաքին մէջ տեղի ունեցած Թախթիի բաժակի մրցաշարքին, տիրացաւ չորս մետալի: Յաբէթնակ Կուրղինեանի գլխաւորած կազմը տիրացաւ 1 ոսկի, 1 արծաթ եւ 2 պրոնզ մետալի: Ոսկիէ մետալակիր դարձաւ Վազգէն Թեւանեան (65 քկ), արծաթէ մետալակիր` Արման Անդրէասեան (70 քկ), իսկ պրոնզէ մետալակիր` Արսէն Յարութիւնեան (61 քկ) եւ Խաչատուր Պապիկեան (74 քկ):  

Վարդան Բիչախչեան Գլխաւորեց Արարատ-Արմենիան

Վարդան Բիչախչեան Գլխաւորեց Արարատ-Արմենիան

Հայաստանի ֆութպոլի փոխախոյեան Արարատ-Արմենիայի գլխաւոր մարզիչի պաշտօնը վստահուեցաւ Վարդան Բիչախչեանին այս մասին յայտնեց երեւանեան ակումբին մամլոյ քարտուղարութիւնը: Հայկական ակումբը առանց մարզիչի մնացած էր` ռուս Տմիթրի Կունքոյի հեռանալէն ետք: Բիչախչեան նախապէս մարզած է Շիրակ Գիւմրին եւ Արարատ-Երեւանը: Ան Շիրակի մարզիչը եղած է 11 տարի` անոր հետ կատարելով 344 մրցում, առիթով մը դառնալով Հայաստանի ֆութպոլի ախոյեան, կրկնակի բաժակակիր եւ մէկ անգամ ալ`...

Մոհամետ Սալահ` «Փրեմիեր Լիկ»-ի Լաւագոյն Ֆութպոլիստ

Մոհամետ Սալահ` «Փրեմիեր Լիկ»-ի Լաւագոյն Ֆութպոլիստ

Անգլիոյ ֆութպոլի ախոյեան եւ Եգիպտոսի ֆութպոլի ազգային խումբի յառաջապահ Մոհամետ Սալահ ճանչցուեցաւ Անգլիոյ ֆութպոլի ախոյեանութեան` «Փրեմիեր լիկ»-ի 2021-2022 տարեշրջանի լաւագոյն ֆութպոլիստը, երկրին արհեստավարժ ֆութպոլիստներու կազմակերպութեան կողմէ: Ան «Փրեմիեր լիկ»-ին գծով կատարեց 35 մրցում, նշանակեց 23 կոլ եւ կատարեց` 14 էսիսթ: 29 տարեկան Սալահ այս մրցանակին տիրացած էր նաեւ 2017-2018 տարեշրջանին: Իսկ լաւագոյն երիտասարդ ֆութպոլիստի մրցանակի տիտղոսին տիրացաւ Մանչեսթըր Սիթիի 22...

Փարիզ Սեն Ժերմեն Եւ Զիտան Գրեթէ Համաձայնեցան

Փարիզ Սեն Ժերմեն Եւ Զիտան Գրեթէ Համաձայնեցան

Միջազգային մարզական մամուլին համաձայն, Ֆրանսայի ֆութպոլի ախոյեան Փարիզ Սեն Ժերմեն եւ մարզիչ Զինետտին Զիտան գրեթէ համաձայնեցան իրարու հետ, որպէսզի վերջինս ստանձնէ ակումբին գլխաւոր մարզիչի պաշտօնը: Ըստ ոչ պաշտօնական տեղեկութիւններու, մայրաքաղաքի կազմը անոր հետ պիտի կնքէ երեք տարուան համաձայնագիր մը: Այս առնչութեամբ պաշտօնական հաղորդագրութիւն մը պիտի հրապարակուի այս ամսուան վերջը: Նշենք, որ ակումբին ղեկավարութիւնը արդէն իսկ տեղեկացուց այժմու գլխաւոր մարզիչ, արժանթինցի...

Անգլիոյ Ֆութպոլի Ախոյեանութեան Մրցումները  Պիտի Չպատկերասփռուին Ռուսիոյ Մէջ

Անգլիոյ Ֆութպոլի Ախոյեանութեան Մրցումները Պիտի Չպատկերասփռուին Ռուսիոյ Մէջ

Անգլիական մարզական մամուլը յայտնեց, որ Անգլիոյ ֆութպոլի ախոյեանութեան մրցումները պիտի չպատկերասփռուին Ռուսիոյ մէջ` նկատի ունենալով, որ «Փրեմիեր Լիկ»-ը իր ստորագրած պայմանագրութիւնը ջնջեց Անգլիոյ ախոյեանութեան մրցումները պատկերասփռող ռուսական «Մաթչ ԹԻ. ՎԻ.» պատկերասփիւռի ընկերութեան հետ: Բնականաբար, այս որոշումին պատճառը ռուսական զինուած ուժերուն ներխուժումն է Ուքրանիա, որ 24 փետրուարէն ի վեր ցարդ չէ դադրած: Պայմանագրութիւնը նախատեսուած էր մինչեւ 2028: Ռուսական կողմը պէտք էր...

Ալեքսիս Սանչես Կրնայ Վերադառնալ Պարսելոնա

Ալեքսիս Սանչես Կրնայ Վերադառնալ Պարսելոնա

Իտալական մարզական մամուլին համաձայն, եթէ պատահի, որ Ալեքսիս Սանչես հեռանայ Ինթեր Միլանէն, կրնայ ըլլալ, որ վերադառնայ Պարսելոնա, որուն հետ ելոյթ ունեցած է 2011-2014 ժամանակամիջոցին: Չիլիցի ֆութպոլիստով մօտէն հետաքրքրուած են նաեւ սպանական Սեւիլլան եւ թրքական Կալաթասարայը: Միլանեան կազմին հետ Ալեքսիս Սանչես 109 մրցումի ընթացքին նշանակած է 20 կոլ եւ կատարած 23 էսիսթ: Անոր փոխանցման արժէքը կը գնահատուի 3,5 միլիոն եւրոյով:

Լիբանանեան Պասքեթպոլ.  Պէյրութ Իր Պատմութեան Մէջ Առաջին Անգամ Ըլլալով Հանդիսացաւ Լիբանանի Ախոյեան

Լիբանանեան Պասքեթպոլ. Պէյրութ Իր Պատմութեան Մէջ Առաջին Անգամ Ըլլալով Հանդիսացաւ Լիբանանի Ախոյեան

Լիբանանի պասքեթպոլի տղոց Ա. դասակարգի ախոյեանութեան 2021-2022 տարեշրջանը երէկ գիշեր հասաւ իր աւարտին, երբ Շիահի մարզադաշտին վրայ, մեծաթիւ հանդիսատեսներու ներկայութեան, տեղի ունեցաւ աւարտական հանգրուանի եօթներորդ եւ վերջին ճակատումը` Պէյրութի եւ Ռիատի Պէյրութի միջեւ: Ինչպէս ծանօթ է, նախքան այս վճռորոշ մրցումը, երկու կազմերուն միջեւ արդիւնքը կ՛ընթանար 3-3 հաւասարութեամբ: Արձանագրելով 79-62 (19-20, 20-9, 20-15 եւ 20-18) արդիւնքով բաւական տպաւորիչ յաղթանակ մը եւ...

«Ազգերու-Լիկա»-ի Ֆութպոլի Մրցաշարք.  Այսօր` Ուքրանիա-Հայաստան

«Ազգերու-Լիկա»-ի Ֆութպոլի Մրցաշարք. Այսօր` Ուքրանիա-Հայաստան

«Ազգերու լիկա»-ի ֆութպոլի զտումի մրցաշարքի Բ. դասակարգի Ա. խմբակի մրցումներուն ծիրին մէջ (3-րդ հանգրուան), այսօր` շաբաթ, տեղի պիտի ունենայ Ուքրանիա-Հայաստան մրցումը: Այս մրցումը, որ տեղի պիտի ունենայ Լեհաստանի մէջ գտնուող «Սթատիոն-ԷԼ. ՔԷՅ. ԷՍ.» մարզադաշտին մէջ, պիտի սկսի ժամը 16:00-ին` Պէյրութի ժամանակացոյցով: Մրցումին կեդրոնի իրաւարարը պիտի ըլլայ Տանիել Սթեֆանսքի (Լեհաստան): Հայրենի կազմը, որ ցարդ կատարած է երկու մրցում, արձանագրած է յաղթանակ...

Ճատրակի Միջազգային Ֆետերասիոնի Նախագահի Ընտրութեան Թեկնածուները

Ճատրակի Միջազգային Ֆետերասիոնի Նախագահի Ընտրութեան Թեկնածուները

Ճատրակի միջազգային ֆետերասիոնին` ՖԻՏԷ-ի ռուս նախագահ Արկադի Տվորքովիչ դարձեալ առաջադրեց իր թեկնածութիւնը կազմակերպութեան նախագահի հերթական ընտրութիւններուն, այս մասին յայտնեց ՖԻՏԷ-ին պաշտօնական կայքը: Եթէ պատահի, որ ան դարձեալ նախագահ վերընտրուի, ճատրակի աշխարհի նախկին ախոյեան, հնդիկ կրանտմասթըր Վիշվանաթան Անանտ պիտի դառնայ փոխնախագահ: Իրենց թեկնածութիւնը առաջադրած են նաեւ ուքրանացի Անտրիի Պարիշփոլեթց, Ինալ Շերիփով (Պիելոռուսիա) եւ Ֆրանսայի ներկայացուցիչ Պահար Քուաթլեն: Նախագահական ընտրութիւնը տեղի պիտի...

Լիբանանեան Պասքեթպոլ.  Այսօր Կը Յստականայ Լիբանանի Նոր Ախոյեանին Անունը

Լիբանանեան Պասքեթպոլ. Այսօր Կը Յստականայ Լիբանանի Նոր Ախոյեանին Անունը

Լիբանանի պասքեթպոլի տղոց Ա. դասակարգի ախոյեանութեան 2021-2022 տարեշրջանի աւարտական հանգրուանի վեցերորդ մրցումը եւս չկրցաւ վճռել Լիբանանի նոր ախոյեանին անունը` նկատի ունենալով, որ անոր արդիւնքին լոյսին տակ, այժմ 3-3 արդիւնքով հաւասարութիւնը կը տիրապետէ աւարտականին իրարու դէմ մրցող խումբերուն միջեւ: Արդարեւ, Մանարայի իր դաշտին վրայ, եթէ Ռիատի Պէյրութ արձանագրէր յաղթանակ մը, գերազանցէր Պէյրութին` 4-2 արդիւնքով, պիտի հռչակուէր Լիբանանի ախոյեան: Սակայն հիւր կազմը,...

«Ազգերու Լիկա»-ի Ֆութպոլի Մրցաշարք. Հայաստանի Ազգային Հաւաքականը 2-0 Արդիւնքով Պարտութիւն Մը Կրեց Սկովտիայէն

«Ազգերու Լիկա»-ի Ֆութպոլի Մրցաշարք. Հայաստանի Ազգային Հաւաքականը 2-0 Արդիւնքով Պարտութիւն Մը Կրեց Սկովտիայէն

«Ազգերու լիկա»-ի ֆութպոլի մրցաշարքի Բ. դասակարգի Ա. խմբակի 2-րդ հանգրուանի զտումի մրցումներուն գծով կատարուած Սկովտիա-Հայաստան հանդիպումը, որ տեղի ունեցաւ «Հեմփթըն-Փարք»-ի դաշտին մէջ, աւարտեցաւ հիւրընկալ կազմին յաղթանակով` 2-0 արդիւնքով: Հիւրընկալ կազմը մրցումին առաջին տասը վայրկեաններուն ստեղծեց կոլ նշանակելու երեք ստոյգ առիթներ, որոնցմէ երկուքը փրկեց բերդապահ Դաւիթ Եուրչենքօ, մինչ երրորդը զսպուեցաւ ուղղահայեաց սիւնին կողմէ: 28-րդ վայրկեանին Սելթիքին մաս կազմող Թոնի Ռալսթըն նշանակեց...

Գէորգ Ղազարեան` Արարատ-Արմենիայի Ֆութպոլիստ

Գէորգ Ղազարեան` Արարատ-Արմենիայի Ֆութպոլիստ

Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականի միջնապահ Գէորգ Ղազարեան միացաւ Արարատ-Արմենիայի, այս մասին այտնեց հայկական ակումբին մամլոյ քարտուղարութիւնը: Ան հանդէս եկած է Հայաստանը ներկայացնող Փիւնիկ եւ ներկայիս Ուրարտու ֆութպոլի ակումբներուն ընդմէջէն: Արտասահմանի մէջ ան հանդէս եկած է եւրոպական շարք մը ակումբներու հետ: Նշենք, որ Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականին հետ ան 78 մրցումի ընթացքին նշանակած է 14 կոլ:

Ուտինեզէ Ունեցաւ Իր Նոր Գլխաւոր Մարզիչը

Ուտինեզէ Ունեցաւ Իր Նոր Գլխաւոր Մարզիչը

Իտալիոյ ֆութպոլի Ա. դասակարգի ախոյեանութեան («Քալչիօ») իր մասնակցութիւնը բերող խումբերէն Ուտինեզէի մամլոյ քարտուղարութիւնը յայտնեց, որ Անտրէ Սոթիլ նշանակուեցաւ ակումբի նոր գլխաւոր մարզիչ: 48 տարեկան ֆութպոլի մասնագէտը մինչեւ 2023 պայմանագրութիւն մը ստորագրեց իր նոր կազմին հետ` զայն տարիով մը երկարաձգելու նախնական համաձայնութեամբ մը: Ան անցեալին իբրեւ ֆութպոլիստ 1999-2003 ժամանակամիջոցին մաս կազմած է Ուտինեզէի: Նշենք, որ ան նախապէս մարզած է Քաթանիան, Փեսքարան,...

Page 393 of 1280 1 … 392 393 394 … 1,280

Արխիւներ