Հայաստանի ազգային ողիմպիական կոմիտէին պաշտօնական կայքը յայտնեց, որ Մալթայի մէջ տեղի ունենալիք Եւրոպայի աթլեթիզմի փոքր երկիրներու ախոյեանութեան, Հայաստան իր մասնակցութիւնը կը բերէ 15 մարզիկով (8 տղաք եւ 7 աղջիկներ):
Հաւաքականին մէջ են Հայաստանի յառաջատար մարզիկներ Գոռ Բեգլարեան, Արտակ Համբարձումեան, Գայեանէ Չիլոյեան եւ Ռազմիկ Մկրտչեան:
Նշուեցաւ, որ վաղը` ուրբաթ, 10 յունիսին, պատուիրակութեան կը միանայ Հայաստանի աթլեթիզմի ֆետերասիոնին նախագահ Ռոպերթ Էմմիեան:
Ախոյեանութեան մեկնարկը պիտի տրուի շաբաթ, 11 յունիսին: