Մարզական

Միջազգային Ֆութպոլ.  Մեսսիի 5 Կոլը Յաղթանակ Ապահովեց Արժանթինին

Միջազգային Ֆութպոլ. Մեսսիի 5 Կոլը Յաղթանակ Ապահովեց Արժանթինին

Ֆութպոլի միջազգային բարեկամական մրցումի մը ընթացքին, Արժանթինի ազգային խումբը, որ մրցեցաւ Էսթոնիոյ դէմ, արձանագրեց 5-0 արդիւնքով յաղթանակ մը: Սպանական Փամփլոնա քաղաքին մէջ տեղի ունեցած այս մրցումին, յաղթական կազմին հինգ կոլերն ալ նշանակեց Ֆրանսայի ֆութպոլի ախոյեան Փարիզ Սեն Ժերմենի յառաջապահ Լիոնել Մեսսի (8-րդ` փենալթիով, 45-րդ, 47-րդ, 71-րդ եւ 76-րդ): Նշենք, որ այսպիսով Արժանթինի ֆութպոլի ազգային խումբի պատմութեան մէջ Մեսսի հանդիսացաւ առաջին...

Խոսէ Պորտալաս Հեռացաւ Վալենսիայէն

Խոսէ Պորտալաս Հեռացաւ Վալենսիայէն

Սպանիոյ ֆութպոլի ախոյեանութեան` «Լա լիկա»-ի կազմերէն Վալենսիայի մամլոյ քարտուղարութիւնը նախորդ շաբաթավերջին յայտնեց, որ ակումբի գլխաւոր մարզիչ Խոսէ Պորտալաս լքեց իր պաշտօնը եւ հեռացաւ ակումբէն: Սպանացին ակումբի գլխաւոր մարզիչ նշանակուած էր յուլիս 2021-ին: 58 տարեկան Պորտալասի հետ նախորդ տարեշրջանին Վալենսիա գրաւեց 9-րդ դիրքը` ախոյեանութեան մրցումներուն, իսկ Սպանիոյ ֆութպոլի բաժակի մրցաշարքին գծով հասաւ աւարտականին, ուր սակայն պարտուեցաւ Ռէալ Պեթիսէն: Ըստ սպանական մարզական...

Ռոնալտօ Բարելաւեց Իր Համաշխարհային Մրցանիշը

Ռոնալտօ Բարելաւեց Իր Համաշխարհային Մրցանիշը

Փորթուգալի ֆութպոլի ազգային խումբի յառաջապահ Քրիսթիանօ Ռոնալտօ նախորդ շաբաթավերջին Զուիցերիոյ դէմ իր կազմին արձանագրած յաղթանակին ընթացքին (4-0) տուպլէ մը իրագործելով բարելաւեց իր համաշխարհային մրցանիշը: Նշենք, որ այս մրցումը կ՛իյնայ «Ազգերու լիկա»-ի ֆութպոլի մրցաշարքի զտումի Բ. հանգրուանի մրցումներուն ծիրին մէջ: Այսպիսով, Ռոնալտօ իր նշանակած կոլերուն հաշիւը բարձրացուց 117-ի: Անոր ետին երկրորդ դիրքը կը գրաւէ Իրանի ֆութպոլի ազգային խումբի նախկին յառաջապահ Ալի...

Հերի Քէյն Որոշեց Չհեռանալ Թոթենհամէն

Հերի Քէյն Որոշեց Չհեռանալ Թոթենհամէն

Անգլիոյ ֆութպոլի ազգային խումբի 28 տարեկան յառաջապահ Հերի Քէյն որոշեց չհեռանալ իտալացի Անթոնիօ Քոնթէի գլխաւորած խումբէն եւ շուտով նոր պայմանագրութիւն մը պիտի ստորագրէ իր մաս կազմած ակումբին` Թոթենհամի հետ: Անոր գործող պայմանագրութիւնը նախատեսուած է մինչեւ յունիս 2024: Նախորդ ամառ, ան թէեւ փափաքեցաւ միանալ Մանչեսթըր Սիթիի, սակայն Քոնթէի ժամանումէն ետք, ան տեսնելով, որ խումբին մէջ կը տիրէ աւելի լաւ մթնոլորտ, որոշեց...

«Էն. Պի. Էյ.».  Ուորիըրզ Հաւասարեցուց Արդիւնքը` 1-1

«Էն. Պի. Էյ.». Ուորիըրզ Հաւասարեցուց Արդիւնքը` 1-1

«ԷՆ. ՊԻ. ԷՅ.»-ի պասքեթպոլի ախոյեանութեան աւարտական հանգրուանի երկրորդ մրցումին, Կոլտըն Սթէյթ Ուորիըրզ իր դաշտին վրայ արձանագրելով 107-88 արդիւնքով յաղթանակ մը` Պոսթըն Սելթիքսի դէմ, յաջողեցաւ արդիւնքը հաւասարեցնել 1-1: Առաջին մրցումին, որ դարձեալ տեղի ունեցած էր անոր դաշտին վրայ, Սելթիքս արձանագրած էր 120-108 արդիւնքով յաղթանակ մը: Ուորիըրզին մաս կազմող Սթեֆըն Քարի, որ առաջին մրցումին նշանակած էր 34 կէտ, երկրորդին նշանակեց 28 կէտ:...

Թենիս. «Ռոլան-Կարոս».  Ռաֆայէլ Նատալ 14-րդ Անգամ Ըլլալով Տիտղոսակիր` Ֆրանսայի Մէջ

Թենիս. «Ռոլան-Կարոս». Ռաֆայէլ Նատալ 14-րդ Անգամ Ըլլալով Տիտղոսակիր` Ֆրանսայի Մէջ

Նախորդ շաբաթավերջին Ֆրանսայի մայրաքաղաք Փարիզի մէջ իր աւարտին հասաւ ֆրանսայի թենիսի միջազգային բաց ախոյեանութիւնը` «Ռոլան Կարոս»-ի կրան շլեմի միջազգային մրցաշարքը, երբ տեղի ունեցաւ տղոց աւարտական մրցումը 5-րդ դասուած սպանացի Ռաֆայէլ Նատալի եւ 8-րդ դասուած նորվեկիացի Քասփեր Ռուտի միջեւ: 36 տարեկան Նատալ, որ Ֆրանսայի մէջ կատարեց իր 14-րդ աւարտական հանգրուանի մրցումը, եղաւ անսխալական, երբ 14-րդ անգամ ըլլալով դարձաւ տիտղոսակիր` 23 տարեկան...

Աթլեթիզմ. Լիբանանի Տարիքային  Ախոյեանութիւն.  ՀՄԸՄ-ի Մարզիկները Տիրացան 2 Ոսկի,  7 Արծաթ Եւ 3 Պրոնզ Մետալի

Աթլեթիզմ. Լիբանանի Տարիքային Ախոյեանութիւն. ՀՄԸՄ-ի Մարզիկները Տիրացան 2 Ոսկի, 7 Արծաթ Եւ 3 Պրոնզ Մետալի

Կազմակերպութեամբ Լիբանանի աթլեթիզմի ֆետերասիոնին, Լիբանանի աթլեթիզմի տարիքային եռօրեայ ախոյեանութիւնը (16, 18 եւ 20 տարեկանէն վար) նախորդ շաբաթավերջին հասաւ իր աւարտին: Այս ախոյեանութիւնը տեղի ունեցաւ Քամիլ Շամունի անուան Մարզական աւանին մէջ` ներկայութեամբ Լիբանանի աթլեթիզմի ֆետերասիոնին անդամներուն, որոնց կարգին` ֆետերասիոնի նախագահ Ռոլան Սաատէ, ֆետերասիոնին մօտ ՀՄԸՄ-ի ներկայացուցիչ, գանձապահ Մարիա Գէորգեան եւ ուրիշներ: Այս ախոյեանութեան իրենց մասնակցութիւնը բերին նաեւ ՀՄԸՄ-ի աթլեթի խումբին մաս...

Ծանրաբարձութիւն. Եւրոպայի Ախոյեանութիւն.  Դաւիթ Յովհաննիսեան` Ախոյեան, Արա Աղանեան Եւ Սամուէլ Գասպարեան` Փոխախոյեան

Ծանրաբարձութիւն. Եւրոպայի Ախոյեանութիւն. Դաւիթ Յովհաննիսեան` Ախոյեան, Արա Աղանեան Եւ Սամուէլ Գասպարեան` Փոխախոյեան

Ալպանիոյ մայրաքաղաք Թիրանայի մէջ տեղի ունեցող Եւրոպայի ծանրաբարձութեան ախոյեանութեան 96 քկ դասակարգի մրցումներուն տիրապետեցին Հայաստանի ներկայացուցիչները: Դաւիթ Յովհաննիսեան արձանագրելով 377 քկ արդիւնք մը (171 + 206), հանդիսացաւ Եւրոպայի ախոյեան: Իսկ փոխախոյեան հանդիսացաւ Հայաստանի երկրորդ ներկայացուցիչը` Արա Աղանեան, որ բարձրացուց 375 քկ (170 + 205): 102 քկ դասակարգին մէջ, Սամուէլ Գասպարեան երկամարտի մրցումներուն արձանագրելով 390 քկ արդիւնք մը, հանդիսացաւ Եւրոպայի փոխախոյեան:...

«Ազգերու Լիկա»-ի Ֆութպոլի Մրցաշարք.  Հայաստանի Ազգային Հաւաքականին  Յաղթական Մեկնարկը

«Ազգերու Լիկա»-ի Ֆութպոլի Մրցաշարք. Հայաստանի Ազգային Հաւաքականին Յաղթական Մեկնարկը

Նախորդ շաբաթավերջին Եւրոպայի տարածքին սկսաւ «Ազգերու լիկա»-ի ֆութպոլի մրցաշարքը, երբ կատարուեցան Ա. հանգրուանի շարք մը մրցումներ: Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականը, որ մաս կը կազմէ Բ. դասակարգի Ա. խմբակին, իր կատարած առաջին մրցումին, Վազգէն Սարգսեանի անուան հանրապետական մարզադաշտին վրայ հիւրընկալեց Իրլանտան: Ա. կիսախաղին հիւր կազմը ունեցաւ յստակ առաւելութիւն մը` Դաւիթ Եուրչենքոյի բերդին ուղղութեամբ հարուածելով վեց անգամ, մինչ Հայաստան միայն ուղղեց հարուած...

Արսէն Ջուլֆալակեան Ստեփանակերտի Մէջ  Հանդիպեցաւ Արցախցի Պատանի Ըմբիշներուն Հետ

Արսէն Ջուլֆալակեան Ստեփանակերտի Մէջ Հանդիպեցաւ Արցախցի Պատանի Ըմբիշներուն Հետ

Անուանի ըմբիշ, Ըմբշամարտի միջազգային ֆետերասիոնի բիւրոյի անդամ եւ մարզիկներու յանձնախումբի նախագահ Արսէն Ջուլֆալակեան, նախորդ շաբաթավերջին այցելեց Ստեփանակերտ, ուր հանդիպեցաւ արցախցի պատանի ըմբիշներուն հետ: «Արցախ այցելութեանս ընթացքին, հանդիպեցայ Ստեփանակերտի եւ Մարտունիի պատանի-երիտասարդ ըմբիշներուն հետ: Ունեցանք շատ հետաքրքրական եւ ուսուցողական զրոյց` հարց ու պատասխանի ձեւով: «Խոստացայ յաջորդ այցելութեանս ընթացքին անոնց հետ միացեալ փորձեր կատարել` նկատի ունենալով, որ այս այցելութեանս ընթացքին չկրցայ զանոնք...

Մխիթարեան Հրաժարեցաւ Իր Պայմանագրութիւնը  Երկարաձգել Ա. Էս. Ռոմայի Հետ

Մխիթարեան Հրաժարեցաւ Իր Պայմանագրութիւնը Երկարաձգել Ա. Էս. Ռոմայի Հետ

Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականի նախկին միջնապահ Հենրիխ Մխիթարեան հրաժարեցաւ իր պայմանագրութիւնը երկարաձգել իր ակումբին` Ա. Էս. Ռոմայի հետ: Այսպիսով, 33 տարեկան ֆութպոլիստը 1 յուլիսին կը դառնայ ազատ ֆութպոլիստ եւ կրնայ միանալ իր փափաքած կազմին: Շատ հաւանական է, որ ան միանայ Իտալիոյ ֆութպոլի փոխախոյեան Ինթեր Միլանին, որ հայրենի ֆութպոլիստին առաջարկած է երկու տարուան պայմանագրութիւն մը` տարեկան 4,5 միլիոն եւրօ աշխատավարձով: Ա....

Փարիզ Սեն Ժերմեն Պաշտօնանկ  Պիտի Ընէ Փոքեթինոն

Փարիզ Սեն Ժերմեն Պաշտօնանկ Պիտի Ընէ Փոքեթինոն

Ֆրանսայի ֆութպոլի ախոյեան Փարիզ Սեն Ժերմենի ղեկավարութիւնը որոշեց պաշտօնանկ ընել ակումբի գլխաւոր մարզիչ արժանթինցի Մաուրիցիօ Փոքեթինոն, այս մասին հաղորդեց ֆրանսական «Լը Փարիզիեն»-ը: 50 տարեկան Փոքեթինօ ակումբին մարզիչ նշանակուեցաւ յունուար 2021-ին: Անոր պայմանագրութիւնը նախատեսուած է մինչեւ յառաջիկայ տարեշրջանին աւարտը: Անոր հետ մայրաքաղաքի կազմը կատարեց 84 մրցում, արձանագրեց 56 յաղթանակ, 13 հաւասարութիւն եւ կրեց 15 պարտութիւն: Վերջին երկու տարեշրջաններուն ակումբին արձանագրած ձախող...

«Ազգերու Լիկա»-ի Ֆութպոլի Մրցաշարք.  Այսօր` Հայաստան-Իրլանտա

«Ազգերու Լիկա»-ի Ֆութպոլի Մրցաշարք. Այսօր` Հայաստան-Իրլանտա

«Ազգերու Լիկա»-ի ֆութպոլի մրցաշարքի զտումի մրցումներուն ծիրին մէջ, այսօր` շաբաթ, 4 յունիսին Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականը իրեն մրցակից պիտի ունենայ Իրլանտան: Այս մրցումը, որ կ՛իյնայ Բ. դասակարգի Ա. խմբակին ծիրին մէջ, տեղի պիտի ունենայ Վազգէն Սարգսեանի անուան հանրապետական մարզադաշտին վրայ եւ անոր ազդանշանը պիտի տրուի ժամը 16:00-ին` Պէյրութի ժամանակացոյցով: Հայրենի կազմին խմբապետն է սպանական Քատիսի յետսապահ Վարազդատ Հարոյեան, իսկ հաւաքականին...

«Եւրօ-2023».  Հայաստանի 21 Տարեկանէն Վար Ֆութպոլի  Հաւաքականը Պարտուեցաւ Մակեդոնիայէն` 3-1 Արդիւնքով

«Եւրօ-2023». Հայաստանի 21 Տարեկանէն Վար Ֆութպոլի Հաւաքականը Պարտուեցաւ Մակեդոնիայէն` 3-1 Արդիւնքով

«ԵՒՐՕ-2023-»-ի ֆութպոլի ախոյեանութեան 21 տարեկանէն վար զտումի մրցաշարքին ծիրին մէջ, Հայաստանի հաւաքականը, որ մաս կը կազմէ Ը. խմբակին, 9-րդ հանգրուանին ծիրին մէջ հիւրը եղաւ Մակեդոնիոյ: Մրցումը աւարտեցաւ հիւրընկալ կազմին յաղթանակով` 3-1 արդիւնքով, հակառակ անոր որ հայրենի կազմը ինք բացաւ մրցումին հաշիւը` 9-րդ վայրկեանին, շնորհիւ Երեւանի բանակային կենտրոնական մարզական ակումբին մաս կազմող 18 տարեկան յետսապահ Էրիկ Սիմոնեանի: Սակայն հիւրընկալ կազմը այդ...

Արշակ Կորեան Հեռացաւ Օրենպուրկէն

Արշակ Կորեան Հեռացաւ Օրենպուրկէն

Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականի թեկնածու Արշակ Կորեան հեռացաւ Օրենպուրկէն, այս մասին յայտնեց ռուսական ակումբին մամլոյ քարտուղարութիւնը: 26 տարեկան Կորեանի ստորագրութիւնը կը պատկանի Խիմքիին, սակայն ան փոխ տրուած էր Օրենպուրկին: Ըստ տարբեր աղբիւրներու, Կորեան շատ հաւանաբար հեռանայ Խիմքիէն` նկատի ունենալով, որ ակումբին սեփականատէրը ազրպէյճանցի է: Ռուսիոյ ֆութպոլի Բ. դասակարգի աւարտած ախոյեանութեան, Կորեան իր մասնակցութիւնը բերաւ 21 մրցումի եւ նշանակեց 2 կոլ:...

Նէյմար Բաւական Մօտ`  Փելէի Մրցանիշը Բարելաւելու

Նէյմար Բաւական Մօտ` Փելէի Մրցանիշը Բարելաւելու

Ֆութպոլի միջազգային բարեկամական մրցումի մը ընթացքին Պրազիլ, որ մրցեցաւ Հարաւային Քորէայի դէմ, արձանագրեց 5-1 արդիւնքով յաղթանակ մը: Փարիզ Սեն Ժերմենի մաս կազմող Նէյմար այս մրցումին տուպլէ մը իրագործեց` իր երկու կոլերն ալ նշանակելով փենալթիով, յաջորդաբար 42-րդ եւ 57-րդ վայրկեաններուն: 30 տարեկան Նէյմար, որ 2010-էն ի վեր ելոյթ կ՛ունենայ Պրազիլի հետ, այսպիսով կատարելով իր 118-րդ միջազգային մրցումը, նշանակեց իր 73-րդ կոլը:...

Խուան Մաթա Հեռացաւ  Մանչեսթըր Եունայթըտէն

Խուան Մաթա Հեռացաւ Մանչեսթըր Եունայթըտէն

Անգլիական Մանչեսթըր Եունայթըտ ֆութպոլի ակումբը հրաժեշտ տուաւ սպանացի միջնապահ Խուան Մաթային` նկատի ունենալով, որ կողմերը պիտի չշարունակեն իրենց համագործակցութիւնը: 34 տարեկան ֆութպոլիստին պայմանագրութիւնը` մանչեսթըրեան ակումբին հետ, իր աւարտին կը հասնի այս ամսուն 30-ին: Մաթա, որ յունուար 2014-էն ի վեր մաս կը կազմէ Մանչեսթըր Եունայթըտին, 285 մրցումի ընթացքին նշանակեց 51 կոլ եւ կատարեց 47 էսիսթ:  

Մանչեսթըր Եունայթըտ 140 Միլիոն Եւրօ  Պիտի Ծախսէ Նոր Ֆութպոլիստներու Համար

Մանչեսթըր Եունայթըտ 140 Միլիոն Եւրօ Պիտի Ծախսէ Նոր Ֆութպոլիստներու Համար

Անգլիական մարզական մամուլին համաձայն, ամրան ընթացքին, իր կազմը օժտելու համար նոր ֆութպոլիստներով, Մանչեսթըր Եունայթըտ նոր ֆութպոլիստներու համար պիտի ծախսէ 140 միլիոն եւրօ: Գերմանացի Ռալֆ Ռենկնիքը փոխարինած նետերլանտցի Էրիք տեն Հաակ մտադիր է իր կազմին միացնել Այաքս Ամսթերտամի յետսապահ Եուրիեն Թիմպերը եւ յառաջապահ Անթոնին, ինչպէս նաեւ Պարսելոնայի միջնապահ Ֆրանքի տը Եոնկը, որուն հետ գործակցած է, երբ մաս կը կազմէին Այաքս Ամսթերտամի:...

Պայէրն Միւնիխ Պատրաստ Է  20 Միլիոն Եւրօ Վճարելու Մանէի Համար

Պայէրն Միւնիխ Պատրաստ Է 20 Միլիոն Եւրօ Վճարելու Մանէի Համար

Գերմանական մարզական մամուլին համաձայն, Գերմանիոյ ֆութպոլի ախոյեան Պայէրն Միւնիխ պատրաստ է տարեկան 20 միլիոն եւրօ աշխատավարձ վճարելու սենեկալցի յառաջապահ Սատիօ Մանէի համար, որուն հետ արդէն իսկ համաձայնութեան եկած է: Նշուեցաւ սակայն, որ Պայէրն ցարդ համաձայնութեան եկած է անոր ակումբին` Լիվըրփուլի հետ, որուն հետ ան պայմանագրութիւն մը ստորագրած է մինչեւ յառաջիկայ տարեշրջանին աւարտը: Մանէ, որ 2016-ին Սաութհեմփթընէն տեղափոխուեցաւ Լիվըրփուլ, իր կազմին...

Կերըթ Պէյլ Հեռացաւ Ռէալ Մատրիտէն

Կերըթ Պէյլ Հեռացաւ Ռէալ Մատրիտէն

Կալեսի ֆութպոլի ազգային խումբի 32 տարեկան յառաջապահ Կերըթ Պէյլ, որ վերջին տարիներուն տարբեր առիթներով կը յայտարարէր, որ պիտի լքէ իր ակումբը` Ռէալ Մատրիտը, ի վերջոյ պաշտօնապէս ըսաւ, որ կը հեռանայ արքայական ակումբէն: Այս լուրը պաշտօնապէս յայտարարեց նաեւ մայրաքաղաքի կազմը` նախ անոր շնորհակալութիւն յայտնելով խումբին հետ տարիներ շարունակ մնալուն համար, իսկ երկրորդ` անոր  յաջողութիւն մաղթելով ֆութպոլիստի իր արհեստավարժ ասպարէզին շարունակման գծով:...

Page 395 of 1280 1 … 394 395 396 … 1,280

Արխիւներ