Կազմակերպութեամբ «Ա. Թէ. Սէ. Էլ.»-ին, կիրակի, 12 յունիսին, Քեսրուան-Ժիպէյլ շրջանին մէջ տեղի պիտի ունենայ Լիբանանի գարնանային 37-րդ ռելին:
Այս ռելիին ընդհանուր երկարութիւնը պիտի ըլլայ 232,27 քմ:
Անոր մեկնարկը պիտի տրուի առաւօտեան ժամը 7:00-ին, «Քազինօ Տիւ Լիպան»-ին առջեւէն:
Կազմակերպիչ ակումբը յայտնեց, որ ինքնաշարժներուն եւ անոնց շարժակներուն քննութիւնները տեղի պիտի ունենան ուրբաթ, 10 յունիսին, Քասլիքի մէջ գտնուող ակումբին կեդրոնատեղիին մէջ:
Այս ռելիին գծով «Ա. ԹԷ. ՍԷ. ԷԼ.» յաւելեալ մանրամասնութիւններ պիտի հաղորդէ յառաջիկայ օրերուն:


