Սպանիոյ ֆութպոլի ազգային խումբին եւ Պարսելոնային մաս կազմող միջնապահ Կաւի, որ իր մասնակցութիւնը բերաւ Չեխիոյ դէմ տեղի ունեցած մրցումին («Ազգերու լիկա»-ի ֆութպոլի մրցաշարք), յաջողեցաւ նոր մրցանիշ մը հաստատել:
Ան այսպիսով դարձաւ երկրին ամէնէն երիտասարդ ֆութպոլիստը, որ կոլի հեղինակ կը դառնայ:
Կաւի, որ 17 տարեկան եւ 304 օրական է, այսպիսով գերազանցեց Պարսելոնայի մէկ այլ ֆութպոլիստը` Անսու Ֆաթիին, որ կոլի հեղինակ դարձած էր սեպտեմբեր 2020-ին, Ուքրանիոյ դէմ կատարուած մրցումին, երբ 17 տարեկան եւ 311 օրական էր: