Հայաստանի պասքեթպոլի Ա. Լիկայի նախագահ Արա Պօղոսեան իր կատարած մէկ յայտարարութեան ընթացքին ըսաւ, որ 13 յունիսին Հայաստանի ազգային հաւաքականը պիտի սկսի նախապատրաստուելու Եւրոպայի տղոց պասքեթպոլի փոքր երկիրներու ախոյեանութեան:
Ան ըսաւ, որ բնականաբար խումբին կորիզը պիտի կազմեն Հայաստանի ախոյեանութեան ընթացքին տպաւորիչ արդիւնքներ արձանագրած մարզիկները:
Նախորդ խումբէն, որ յաղթեց փոքր երկիրներու ախոյեանութեան, կազմին մէջ կը մնան Անտրէ Սփայթ Մկրտչեան եւ Միքայէլ Պօղոսեան:
Վերջինս պիտի ըլլայ գլխաւոր մարզիչ Ռեքս Կալամեանի օգնականը` օգնական մարզիչ Վարդան Խաչատրեանի կողքին:
Արա Պօղոսեան ըսաւ նաեւ, որ մինչեւ այս ախոյեանութեան մեկնարկը, Երեւանի մէջ տեղի պիտի ունենայ պասքեթպոլի միջազգային մրցաշարք մը, որուն իրենց մասնակցութիւնը պիտի բերեն խումբեր, ժամանած` Միացեալ Նահանգներէն, Սուրիայէն եւ շատ հաւանաբար երրորդ երկրէ մը:
Այս մրցաշարքը տեղի պիտի ունենայ Երեւանի Կարէն Դեմիրճեանի անուան մարզահամալիրին մէջ:


