Երէկ` երեքշաբթի, 7 յունիսին, Տիգրան Պետրոսեանի անուան ճատրակի տան մէջ մեկնարկը տրուեցաւ ճատրակի կրանտմասթըր Կարէն Ասրեանի անուան 13-րդ յուշամրցաշարքին, որուն իրենց մասնակցութիւնը կը բերեն 8 երկիրներէ 100 ճատրակ խաղացողներ (9-ը` կրանտմասթըրներ):
Բացի Հայաստանէն, մասնակիցներ կան Պրազիլէն, Հնդկաստանէն, Իրանէն, Ղազախստանէն, ֆիլիփեան կղզիներէն եւ Ռուսիայէն:
Մրցաշարքին բոլոր մասնակցողներուն մէջ ամէնէն բարձր վարկանիշը ունի Հայաստանի ճատրակի ազգային հաւաքականի յառաջատար Հրանդ Մելքումեան (2655):
Անոր կը յաջորդեն իրանցի Ամին Թապաթապայէ (2650) եւ Շանթ Սարգսեան (2648):
Կարէն Ասրեան, որ ծնած է 24 ապրիլ 1980-ին, 9 յունիս 2008-ին յանկարծամահ եղաւ ուղեղային կաթուածի պատճառով:
Ան կեանքէն հեռացաւ իբրեւ համաշխարհային Օլիմփիատի եւ Հայաստանի գործող ախոյեան:


