«Եու. Է. Էֆ. Ա. »-ի Եւրոպայի ֆութպոլի ախոյեանութեան («ԵՒՐՕ-2023») 21 տարեկանէն վար զտումի մրցաշարքին ծիրին մէջ, Հայաստանի հաւաքականը, որ 9-րդ հանգրուանի մրցումներուն մրցեցաւ Ֆրանսայի դէմ, անկէ կրեց 4-1 արդիւնքով պարտութիւն մը:
Հայրենի կազմին միակ կոլը 69-րդ վայրկեանին նշանակեց Ժիրայր Շաղոյեան:
Իր արձանագրած այս յաղթանակէն ետք, այժմ Ֆրանսա, որ ապահոված է 25 կէտ, կը գրաւէ Ը. խմբակին պարագլուխի դիրքը:
Իսկ Հայաստան, որ ցարդ ապահոված է միայն 3 կէտ, կը գրաւէ դասաւորման վերջին դիրքը:
Նշենք, որ Ֆրանսա երթի մրցումին իր դաշտին վրայ արձանագրած էր 7-0 արդիւնքով յաղթանակ մը:


