Կազմակերպութեամբ Լիբանանի Քոնկ ֆու ուու շուի ֆետերասիոնին, գործակցութեամբ Այնճարի Սեւ գօտիներու միութեան եւ պատկան մարմիններու, կիրակի, 5 յունիսին, Այնճարի ՀՄԸՄ-ի մարզահամալիրին մէջ տեղի ունեցաւ Լիբանանի Թաու Լուի ախոյեանութիւնը:
Անիկա տեղի ունեցաւ ներկայութեամբ եւ հսկողութեամբ Լիբանանի Քոնկ ֆու Ուու շուի ֆետերասիոնի նախագահ Ժորժ Նըսէյրի, Ա. փոխնախագահ Ժաք Տաղլեանի, ֆետերասիոնի այլ անդամներու, իրաւարարներու նախագահ մասթըր Աւետիս Սերոբեանի եւ վեց իրաւարարներու:
Բացման հանդիսութեան ներկայ էին նաեւ Այնճարի քաղաքապետ Վարդգէս Խօշեան, ՀՄԸՄ-ի Այնճարի մասնաճիւղի ատենապետ Խաժակ Հերկելեան, պատկան մարմիններու ներկայացուցիչներ, ինչպէս նաեւ եօթը ակումբներու 70-է աւելի երկսեռ մարզիկներ:
Մրցաշարքին իրենց աջակցութեան համար շնորհակալագիրներ յանձնուեցան Այնճարի քաղաքապետին եւ ՀՄԸՄ-ի մասնաճիւղի ատենապետին:
Ապա տեղի ունեցաւ մրցաշարքը, որուն ընթացքին պայքարը եղաւ բաւական սուր` մասնակցող մարզիկներուն միջեւ:
Տիրանալով 13 ոսկի, 12 արծաթ եւ 3 պրոնզ մետալի` Այնճարի Սեւ գօտիներ հանդիսացան առաջին` ապահովելով 160 կէտ:
Երկրորդ հանդիսացաւ Անթոնին Պաապտա (9 ոսկի, 8 արծաթ եւ 10 պրոնզ-133 կէտ), մինչ լաւագոյն եռեակը ամբողջացուց Լիուաա Պեքաա (7 ոսկի, 3 արծաթ եւ 1 պրոնզ-67 կէտ):
Տիրանալով 9 ոսկի մետալի եւ ապահովելով 63 կէտ` Հայ սեւ գօտիներու միութիւնը («ԱՊՊԱ») հանդիսացաւ 5-րդ:


