Քարտիֆի մէջ տեղի ունեցած 2022-ի Մոնտիալի փլէյ օֆի աւարտական հանգրուանի մրցումը նախորդ շաբաթավերջին իրարու դէմ հանեց Կալեսն ու Ուքրանիան:
64 տարուան երկար սպասումէ մը ետք, Կալես ապահովեց Մոնտիալի աւարտական հանգրուանի մրցումներուն իր տոմսը` 1-0 արդիւնքով յաղթանակ մը արձանագրելէ ետք ուքրանացիներուն դէմ:
Մրցումին 34-րդ վայրկեանին Կերըթ Պէյլի ազատ հարուածէն ետք, լոնտոնեան Ուեսթ Համի յառաջապահ Անտրէյ Եարմոլենքօ սխալմամբ (գլուխով) գնդակը զետեղեց իր սեփական բերդին մէջ:
Այսպիսով, Կալես, որ ապահովեց Քաթարի մէջ տեղի ունենալիք Մոնտիալի իր տոմսը, Բ. խմբակին մէջ իրեն մրցակից պիտի ունենայ Անգլիան, Իրանն ու Միացեալ Նահանգները:


