Լիբանանի պասքեթպոլի տղոց Ա. դասակարգի ախոյեանութեան աւարտական հանգրուանին ծիրին մէջ, այսօր` չորեքշաբթի, 8 յունիսին, տեղի կ՛ունենայ Ռիատի Պէյրութ-Պէյրութ վեցերորդ ճակատումը:
Այս մրցումը, որ տեղի պիտի ունենայ Մանարայի դաշտին վրայ (դռնփակ), պիտի սկսի երեկոյեան ժամը 21:40-ին:
Հիւրընկալ կազմը երկրորդ մրցումն ըլլալով պիտի մրցի առանց իր համակիրներուն` Լիբանանի պասքեթպոլի ֆետերասիոնին որոշումով կախակայուած ըլլալուն պատճառով:
Երկու կազմերուն միջեւ նախանցեալ օրուան հինգերորդ մրցումը, որ տեղի ունեցաւ Շիահի մարզադաշտին վրայ, վերջ գտաւ Ռիատիի յաղթանակով (68-65), ինչ որ անոր համար նկատուեցաւ մեծ քայլ մը` դէպի ախոյեանութեան տիտղոս:
Եթէ պատահի, որ Ռիատի այսօր յաղթանակ արձանագրէ, պիտի հանդիսանայ Լիբանանի տղոց պասքեթպոլի Ա. դասակարգի 2021-2022 տարեշրջանի ախոյեան: