Խրուաթիոյ ֆութպոլի ազգային խումբի միջնապահ Լուքա Մոտրիչ նոր պայմանագրութիւն մը ստորագրեց իր ակումբին` Ռէալ Մատրիտի հետ:
Արքայական ակումբին մամլոյ քարտուղարութիւնը յայտնեց, որ կողմերուն միջեւ նոր համաձայնագիրը նախատեսուած է մինչեւ 30 յունիս 2023:
36 տարեկան ֆութպոլիստը, որ մայրաքաղաքի կազմին հետ ելոյթ կ’ունենայ
2012-էն ի վեր, ցարդ 436 մրցումի ընթացքին նշանակած է 31 կոլ եւ կատարած 73 էսիսթ:
Անոր փոխանցման արժէքը ներկայիս կը գնահատուի 10 միլիոն եւրոյով:


