Ֆութպոլի միջազգային բարեկամական մրցումի մը ընթացքին, Ճափոնի մայրաքաղաք Թոքիոյի մէջ իրարու դէմ մրցեցան Ճափոն եւ Պրազիլ:
Մրցումը վերջ գտաւ հիւր կազմին յաղթանակով` 1-0 արդիւնքով:
Ֆրանսայի ֆութպոլի ախոյեան Փարիզ Սեն Ժերմենի յառաջապահ Նէյմար մրցումին 77-րդ վայրկեանին փենալթիով նշանակեց յաղթական կազմին կոլը:
Նշենք, որ 11 յունիսին Պրազիլ ֆութպոլի բարեկամական մրցումի մը ընթացքին այս անգամ պիտի մրցի «Քոփա Ամերիկա»-ի տիտղոսակիր Արժանթինի դէմ:


