Հայաստանի կրթութեան, գիտութեան, մշակոյթի եւ մարմնակրթութեան նախարարութեան պաշտօնական կայքը նախորդ շաբաթավերջին յայտարարեց, որ Վլատիվոսթոքի մէջ (Ռուսիա) տեղի ունեցող «Ասիոյ երեխաներու» 7-րդ միջազգային մարզական խաղերուն, Հայաստանի ներկայացուցիչները տիրացան 4 գունաւոր մետալի (մէկ ոսկի, մէկ արծաթ եւ 2 պրոնզ):
Խառն զոյգի նշանառութեան մրցումներուն, Գագիկ Նիկողոսեան եւ Նարէ Մելքումեան տիրացան պրոնզ մետալի:
Պատանի հայ հրաձիգները նախապէս մրցանակային դիրքեր գրաւած էին նաեւ անհատական մրցումներուն:
15 տարեկան Նարէ Մելքոնեան տիրացած էր արծաթէ մետալի, մինչ Գագիկ Նիկողոսեան` պրոնզէ մետալի (նշանառութեան մրցումներուն):
Անոնցմէ առաջ սամպոյի 64 քկ դասակարգին մէջ ոսկի մետալի տիրացած էր Մհեր Օհանեան:


