Թենիսի իր արհեստավարժ ասպարէզին ընթացքին 22 կրան շլեմի մրցաշարքերու տիրացած սպանացի անուանի թենիսմեն` Ռաֆայէլ Նատալ նախորդ շաբաթավերջին իր կատարած մէկ յայտարարութեան ընթացքին ըսաւ, որ իր մասնակցութիւնը պիտի չբերէ Քանատայի մէջ տեղի ունենալիք Մոնրէալի Մասթըրզի թենիսի միջազգային մրցաշարքին:
Նախորդ 4 օգոստոսին ան իր կատարած փորձերուն ընթացքին ինքզինք անհանգիստ զգացած էր:
36 տարեկան Նատալ, որ նախապէս հինգ անգամ տիրացած էր այս մրցաշարքի տիտղոսին, նախորդ ամիս Ուիմպըլտընի կրան շլեմի մրցաշարքին թէեւ հասած էր կիսաւարտականին, սակայն վնասուածքի պատճառով չէր կրցած շարունակել մրցաշարքը:


