Ախոյեանին Տպաւորիչ Յաղթանակը`
5-0 Արդիւնքով
Ֆրանսայի ֆութպոլի ախոյեանութեան (Լիկ-1») 2022-2023 տարեշրջանի բացման մրցումին, Լիոն, որ իր դաշտին վրայ հիւրընկալեց Աժաքսիոն, ունեցաւ յաղթական մեկնարկ մը, 2-1 արդիւնքով:
Կոլի եւ էսիսթի հեղինակ դարձաւ Արսենալէն Լիոն վերադարձած ֆրանսացի յառաջապահ Ալեքսանտր Լաքազեթ:
Յաղթական կազմը մրցումին մեծ մասը շարունակեց տասը մարզիկով` նկատի ունենալով, որ փորթուգալցի բերդապահ Անթոնի Լոփեզ 27-րդ վայրկեանին կարմիր քարտ մը ստացաւ:
Իսկ Ա. կիսախաղին կորսուած վայրկեաններուն, Աժաքսիոյէն իր կարգին կարմիր քարտ ստացաւ Ռոմեն Համումա:
Երկրին գործող ախոյեանը` Փարիզ Սեն Ժերմեն, որ հիւրը եղաւ Քլերմոնի, արձանագրեց 5-0 արդիւնքով բաւական տպաւորիչ յաղթանակ մը:
Արժանթինցի յառաջապահ Լիոնել Մեսսի տուպլէ մը իրագործեց 80-րդ եւ 86-րդ վայրկեաններուն, ինչպէս նաեւ կատարեց էսիսթ մը:
Կոլ մը նշանակեց (9-րդ) եւ երեք էսիսթ կատարեց պրազիլցի Նէյմար, մինչ մէկական կոլ նշանակեցին մարոքցի յետսապահ Աշրաֆ Հաքիմի (26-րդ) եւ պրազիլցի խմբապետ Մարքինիոս (38-րդ):
Այստեղ պէտք է նշել, որ Մեսսիի նշանակած երկրորդ կոլը եղաւ գերբացառիկ:


