Հնդկաստանի Շենայ քաղաքին մէջ իր աւարտին մօտեցող ճատրակի Համաշխարհային Օլիմփիատի 9-րդ հանգրուանի մրցումներուն, երէկ` կիրակի, 7 օգոստոսին, Հայաստանի տղոց հաւաքականը մրցեցաւ Ուզպեքիստանի դէմ, իսկ աղջկանց հաւաքականը` Ռումանիոյ դէմ:
Տղոց հաւաքականը 3-1 արդիւնքով պարտութիւն մը կրելով, պարագլուխի իր դիրքը զիջեցաւ նոյնինքն Ուզպեքիստանի, որ ունեցաւ 16 կէտ:
Հայաստան այժմ Հնդկաստանի Բ. խումբին հետ կը բաժնէ 1-2-րդ դիրքը: Անոնք ունին 15-ական կէտ:
Ինչ կը վերաբերի նախանցեալ օր տեղի ունեցած 8-րդ հանգրուանի մրցումներուն, Հայաստանի տղոց կազմը Հնդկաստանի Ա. խումբին դէմ արձանագրեց 2,5-1,5 արդիւնքով յաղթանակ մը:
Հայաստանի այս կարեւոր յաղթանակը ապահովեց Գաբրիէլ Սարգսեան (ճերմակ քարերով), մինչ մնացեալ երեք հանդիպումները աւարտած էին հաւասարութեամբ:
Սակայն Հայաստանի աղջիկները, երէկ 3-1 արդիւնքով յաղթեցին Ռումանիոյ:
Անոնք այժմ 14 կէտով կը բաժնեն 5-9-րդ դիրքերը:
Նշենք, որ 8-րդ հանգրուանին Հայաստանի աղջկանց հաւաքականը 3,5-0,5 արդիւնքով պարտութիւն մը կրեց Վրաստանէն:
Այս պարտութիւնը հայրենի կազմին համար երկրորդն էր (առաջինը` Էսթոնիայէն, 2,5-1,5 արդիւնքով):
Ախոյեանութեան աւարտին մնացած է երկու հանգրուան միայն:


