Սպանիոյ ֆութպոլի ախոյեան Ռէալ Մատրիտի իտալացի գլխաւոր մարզիչ Քարլօ Անչելոթթի իր կատարած մէկ յայտարարութեան ընթացքին ըսաւ, որ 2022-2023 տարեշրջանին իր կազմը պիտի փորձէ տիրանալ վեց տիտղոսի:
Արքայական ակումբը այս տարեշրջանին կը մասնակցի հետեւեալ վեց մրցաշարքերուն. Սպանիոյ ախոյեանութիւն, Սպանիոյ բաժակ, գերբաժակ, «Չեմփիընզ Լիկ», Եւրոպայի գերբաժակ եւ աշխարհի ակումբներու ախոյեանութիւն:
Նշենք, որ Եւրոպայի գերբաժակի մրցաշարքը, որ տեղի պիտի ունենայ 10 օգոստոսին Ֆինլատայի մայրաքաղաք Հելսինքիի մէջ, իրարու դէմ պիտի հանէ Ռէալ Մատրիտն ու Այնթրախթ Ֆրանքֆորթը:


