Եղիշէ Մելիքեանի գլխաւորած կազմը` Փիւնիկ Երեւան, որ «Չեմփիընզ Լիկ»-ի ֆութպոլի մրցաշարքի զտումի Գ. հանգրուանի երթի մրցումներուն ծիրին մէջ Սերպիոյ մայրաքաղաք Պելկրատի մէջ հիւրը եղաւ «Կարմիր Աստղ» Պելկրատին, անկէ կրեց 5-0 արդիւնքով քիչ մը ծանր պարտութիւն մը:
Յաղթական կազմէն հեթրիքի հեղինակ դարձաւ կանացի յառաջապահ Օսման Պուքարի:
Դարձի մրցումին, որ տեղի պիտի ունենայ 9 օգոստոսին` Երեւանի մէջ, Հայաստանի ախոյեանը բաւական դժուար առաքելութիւն մը ունի իր դիմաց:
Նշենք, որ այս հանգրուանէն դուրս մնացած խումբերը իրենց պայքարը կը շարունակեն «Եուրոփա Լիկ»-ի ֆութպոլի մրցաշարքին զտումի փլէյ օֆի մրցումներուն, որոնք տեղի պիտի ունենան 18 եւ 25 օգոստոսին:


