Ուրուկուէյցի անուանի յառաջապահ Էտինսոն Քաւանի հրաժարեցաւ միանալ ֆրանսական Նիս ֆութպոլի ակումբին, այս մասին յայտնեց ֆրանսական մարզական մամուլը:
Նշուեցաւ, որ Նիսի նախագահ Ժան-Փիեռ Ռիվերի բանակցութիւնները ֆութպոլիստին հետ դրական արդիւնքի չեն հասած, որովհետեւ Քաւանի փափաք յայտնած է ելոյթ ունենալ «Լա Լիկա»-ին մէջ:
Ըստ ոչ պաշտօնական տեղեկութիւններու, Քաւանի, որուն վերջին ակումբն էր Մանչեսթըրը եունայթըտ, եթէ չկարենայ միանալ սպանական ակումբի մը, պիտի տեղափոխուի արժանթինեան Պոքա Ժունիորզ: