Միջազգային մարզական կարգ մը լրատու աղբիւրներ կը յայտնեն, որ շատ հաւանաբար Ուքրանիոյ ֆութպոլի ախոյեանութեան մրցումները կատարուին ամբողջութեամբ գաղտնի` խուսափելու համար ահաբեկչական սպառնալիքէն:
Երկրին արտակարգ իրավիճակներու նախարարութիւնը խնդրեց նախօրօք չհրապարակել մրցումներուն կայացման վայրն ու ժամը:
Թէեւ ցարդ նոր տարեշրջանին յայտագիրը չէ հրապարակուած, սակայն ըստ ոչ պաշտօնական տեղեկութիւններու, անոր ազդանշանը պիտի տրուի 23 օգոստոսին:
Նշենք, որ ռուսական զինուած ուժերուն Ուքրանիա ներխուժման պատճառով, նախորդ տարեշրջանը ժամանակէն առաջ աւարտեցաւ: Ախոյեան հռչակուեցաւ Շախտիոր Տոնեցք, իսկ փոխխոյեան` Տինամօ Քիեւ: