Եուվենթուսին մաս կազմող ֆրանսացի միջազգային միջնապահ Փոլ Փոկպա որոշեց հրաժարիլ ծունկի վիրաբուժութենէ մը, այն մտավախութեամբ, որ կրնայ բացակայիլ 2022-ի Մոնտիալէն:
Եթէ պատահի, որ ան ենթարկուի ծունկի վիրաբուժութեան, ֆութպոլի դաշտերէն պիտի բացակայի 4-5 ամիսով, ինչ որ կը նշանակէ, որ արդէն իսկ աւարտած պիտի ըլլայ աշխարհի ախոյեանութիւնը, որ տեղի պիտի ունենայ 21 նոյեմբերէն 18 դեկտեմբերին, Քաթարի մէջ:
Նշենք, որ նախապէս Եուվենթուսին մաս կազմած Փոկպա այս ամրան ընթացքին դարձեալ միացաւ իտալական ակումբին: