Անգլիական Մանչեսթըր Եունայթըտին մաս կազմող փորթուգալցի 37 տարեկան յառաջապահ Քրիսթիանօ Ռոնալտօ, Էրիք Տեն Հակի գլխաւորած կազմին հետ կը պատրաստուի Անգլիոյ ֆութպոլի ախոյեանութեան («Փրեմիեր Լիկ») 2022-2023 տարեշրջանին:
Ա. հանգրուանի մրցումներուն ծիրին մէջ, վաղը` կիրակի, 7 օգոստոսին Եունայթըտ իր դաշտին վրայ կը հիւրընկալէ Պրայթընը:
Մրցումին ազդանշանը պիտի տրուի ժամը 16:00-ին` Պէյրութի ժամանակացոյցով: