Մոհամետ Սալահի Բացառիկ
Մրցանիշը Լիվըրփուլի Հետ
Անգլիոյ ֆութպոլի ախոյեանութեան («Փրեմիեր Լիկ») 2022-2023 տարեշրջանի բացման մրցումին, Արսենալ, որ հիւրը եղաւ Քրիսթալ Փալասին, արձանագրեց 2-0 արդիւնքով յաղթանակ մը:
Սպանացի Միկել Արթեթայի գլխաւորած կազմին առաջին կոլը նշանակեց պրազիլցի յառաջապահ Կապրիել Մարթինելի, իսկ մրցումին աւարտէն հինգ վայրկեան առաջ անգլիացի յետսապահ Մարք Կուեհի նշանակեց մրցումին երկրորդ կոլը (սխալմամբ` իր բերդին մէջ):
Այլ մրցումի մը ընթացքին, Անգլիոյ փոխախոյեան Լիվըրփուլ, որ հիւրը եղաւ Ֆուլհեմին, անոր հետ արձանագրեց 2-2 արդիւնքով հաւասարութիւն մը:
Եգիպտացի Մոհամետ Սալահի նշանակած կոլին շնորհիւ, մարզիչ Եիւրկըն Քլոփի գլխաւորած կազմը` Լիվըրփուլ պարտութենէ մը փրկուեցաւ:
Եգիպտացին այսպիսով հանդիսացաւ «Փրեմիեր Լիկ»-ի պատմութեան միակ ֆութպոլիստը, որ յաջորդաբար վեց տարի տարեշրջանի մեկնարկային հանգրուանին կը յաջողի կոլի հեղինակ դառնալ:
Հինգ տարեշրջանի ընթացքին Ա. հանգրուանի մրցումներուն ան նշանակեց մէկական կոլ, իսկ 2020-2021 տարեշրջանին հեթրիք իրագործեց:
Իր կարգին, տարեշրջանը յաղթանակով սկսաւ ախոյեան Մանչեսթըր Սիթի, որ 2-0 արդիւնքով յաղթական վերադարձաւ Ուեսթ Համի դաշտէն, շնորհիւ Էրլինկ Հաալանտի իրագործած տուպլէին (36-րդ` փենալթիով եւ 65-րդ):
Սակայն Մանչեսթըր քաղաքին երկրորդ խումբը` Եունայթըտ, 2-1 արդիւնքով պարտութիւն մը կրեց իր հիւրէն` Պրայթընէն:


