Անգլիական մարզական մամուլին համաձայն, լոնտոնեան Չելսի ֆութպոլի ակումբը կը բանակցի Սպանիոյ ֆութպոլի փոխախոյեան Պարսելոնայի կապոնցի յառաջապահ Փիեռ-Էմերիք Օպամեյանկի հետ, որ լեհ յառաջապահ Ռոպերթ Լեւանտովսքիի քաթալոնական ակումբին միանալուն պատճառով կը մտադրէ այլ կազմի մը միանալ:
Նշուեցաւ, որ Չելսի ցարդ պաշտօնապէս չէ դիմած Պարսելոնային այս գծով:
Օպամեյանկ նախորդ յունուարին լոնտոնեան Արսենալէն տեղափոխուեցաւ Պարսելոնա, որուն հետ պայմանագրութիւն մը ստորագրած է մինչեւ յունիս 2025:
Ներկայիս Օպամեյանկի փոխանցման արժէքը կը գնահատուի 15 միլիոն եւրոյով: