Հայաստանի կրթութեան, գիտութեան, մշակոյթի եւ մարմնակրթութեան նախարարի տեղակալ Կարէն Գիլոյեան երէկ` ուրբաթ, 5 օգոստոսին ընդունեց Հայաստանի ազատ եւ յունահռոմէական ոճի ըմբշամարտի պատանեկան եւ երիտասարդական հաւաքականներու ներկայացուցիչները:
Նշենք, որ հայրենի ըմբիշները վերջերս իրենց մասնակցութիւնը բերին Եւրոպայի երիտասարդներու, Եւրոպայի 15 տարեկանէն վար, ինչպէս նաեւ աշխարհի 17 տարեկանէն վար ախոյեանութիւններուն եւ տիրացան շարք մը մետալներու:
Այս հանդիպումին ներկայ եղան նաեւ Հայաստանի ըմբշամարտի ֆետերասիոնի նախագահ Ռոպերթ Խաչատրեան, ընդհանուր քարտուղար Արայիկ Բաղդադեան, ինչպէս նաեւ պատանեկան եւ երիտասարդական հաւաքականներուն մարզիչներն ու մարզիկները:
Նախարարի տեղակալը շնորհաւորեց մետալակիր մարզիկները եւ անոնց մաղթեց նորանոր նուաճումներ: