Միջազգային պատժական դատարանը, հիմնուելով Միջազգային խթանիչ դեղերու գործածութեան ընկերութեան տուեալներուն վրայ, շատ հաւանական է, որ չորս տարիով որակազրկէ ռուս գեղասահորդուհի Քամիլա Վալիեւան:
Նշուեցաւ, որ 16 տարեկան Վալիեւա խախտած է խթանիչ դեղերու գործածութեան դէմ հաստատուած օրէնքը:
Հետեւաբար, այս իրականութենէն մեկնելով, նախորդ 25 դեկտեմբերէն սկսեալ, անոր արձանագրած բոլոր արդիւնքները չեղեալ կը նկատուին եւ ան կը զրկուի Պէյճինկ-2022-ի ողիմպիական խաղերուն խմբային մրցումներուն իր տիրացած ոսկի մետալէն:


