Գերմանիոյ ֆութպոլի ախոյեան Պայէրն Միւնիխի եւ Սենեկալի ֆութպոլի ազգային խումբի յառաջապահ Սատիօ Մանէ պիտի բացակայի 20 նոյեմբերին Քաթարի մէջ սկսելիք 2022-ի Մոնտիալի առաջին մրցումներէն, այս մասին յայտնեց միջազգային մարզական մամուլը` իր այս լուրը քաղելով Սենեկալի ֆութպոլի ֆետերասիոնին մամլոյ քարտուղարութենէն:
Թէեւ 30 տարեկան ֆութպոլիստը ընդգրկուած է Սենեկալի հաւաքականի ցանկին մէջ, սակայն ցարդ չէ ապաքինած իր ստացած վնասուածքէն:
Սենեկալ իր առաջին մրցումը պիտի կատարէ 21 նոյեմբերին` մրցելով Նետերլանտներու դէմ:
Ա. խմբակին մէջ ընդգրկուած են նաեւ Էքուատոր եւ Քաթար: