Իտալական Ինթեր Միլանի միջնապահ Հենրիխ Մխիթարեան Հռոմի Ողիմպիական մարզադաշտին վրայ անուանի ֆութպոլիստներու հետ իր մասնակցութիւնը բերաւ աւանդութիւն դարձած «Խաղաղութեան մրցումին»:
Մրցումին մասնակցողները, աւարտին արժանացան Հռոմի Ֆրանչիսկոս պապի ընդունելութեան:
Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականի նախկին ֆութպոլիստ Մխիթարեան, որ բոլոր ֆութպոլիստներուն նման հանդիպեցաւ պապին հետ, անոր տուաւ իր ստորագրութիւնը կրող իր մարզաշապիկը:
Մարզաշապիկին վրայ շնորհակալութեան գրութիւն գրուած էր Հայաստանի եւ աշխարհին մէջ խաղաղութիւն հաստատելու թափուած ջանքերուն համար:
«Մեծ պատիւ էր Հռոմի պապին հետ հանդիպիլը եւ անուանի ֆութպոլիստներու հետ ներդրում ունենալը` ամբողջ աշխարհին մէջ խաղաղութիւն տարածելու ջանքերուն մէջ», յայտնեց Մխիթարեան:


