Լիբանանի պասքեթպոլի տղոց Ա. դասակարգի ախոյեանութեան 2022-2023 տարեշրջանի 5-րդ հանգրուանէն յետաձգուած մրցումի մը, այսօր` երեքշաբթի, 15 նոյեմբերին, երեկոյեան ժամը 19:30-ին, ՀՄԸՄ Պէյրութ կը հիւրընկալէ Հուփսը, «Աղբալեան-ՀՄԸՄ» մարզամշակութային համալիրի «Ատոմ եւ Սելլա Թնճուկեան» մարզադաշտին վրայ:
ՀՄԸՄ իր ամէն կարելին պիտի ընէ արձանագրելու համար տարեշրջանի իր առաջին յաղթանակը` իր կրած չորս պարտութիւններէն ետք:
ՀՄԸՄ-ի համակիրներէն կը սպասուի ուղղուիլ մարզադաշտ եւ քաջալերել իրենց կազմը: