Լիբանանի պասքեթպոլի տղոց Ա. դասակարգի ախոյեանութեան 2022-2023 տարեշրջանի 5-րդ հանգրուանէն յետաձգուած մրցումի մը ընթացքին, Լիտըրզ, որ Լուէյզի Զուք Մոսպեհ վարժարանի մարզադաշտին մէջ հիւրընկալեց Շանվիլը, անոր դէմ արձանագրեց 63-49 արդիւնքով յաղթանակ մը:
Մրցումին չորս քորթըրները ընթացան հետեւեալ ձեւով. 15-2, 17-16, 14-15 եւ 17-16:
Յաղթական կազմէն տապըլ-տապըլ իրագործեցին Ալեքսանտր Փիքոք (18 կէտ եւ 11 ռիպաունտ) եւ Քերվին Սմիթ (14 կէտ եւ 20 ռիպաունտ):
Այսպիսով, Լիտըրզ արձանագրեց տարեշրջանի իր երկրորդ յաղթանակը` երեք պարտութիւններու կողքին: Նոյն արդիւնքը արձանագրած է նաեւ Շանվիլ:


