Իրանի ֆութպոլի ազգային խումբի նախկին անուանի յառաջապահ Ալի Տայէ մահուան դատապարտուեցաւ, այս մասին յայտնեց «Ռիփորթ»` իր լուրը քաղելով արտասահմանեան աղբիւրներէն:
Ան նախորդ հոկտեմբերին ձերբակալուած էր Իրանի հակակառավարական ցոյցերուն մասնակցելուն համար:
Իրանի ազգային հաւաքականին հետ ան նշանակած է միջազգային 109 կոլ:
Նշուեցաւ նաեւ, որ Իրանի խորհրդարանը որոշած է մահապատիժի ենթարկել աւելի քան 15 հազար ձերբակալեալներ:
Իրանի մէջ բողոքի ցոյցերը սկսան նախորդ սեպտեմբերին, երբ 22 տարեկան Մահսա Ամինի մահացաւ` ոստիկանութեան կողմէ ստացած վնասուածքներուն պատճառով:


