Կազմակերպութեամբ Պէյրութի մարաթոնի յանձնախումբին, կիրակի, 13 նոյեմբերին տեղի ունեցաւ Պէյրութի միջազգային մարաթոնը` մասնակցութեամբ արաբական եւ աշխարհի տարբեր ցամաքամասերէն 60 երկիրներէ ժամանած 12 հազար երկսեռ վազողներու:
Պէյրութի ծովեզերեայ կեդրոնէն սկսած այս մարաթոնը, որ իբրեւ նշանաբան ունէր «Անա Պէյրութ» («Ես Պէյրութն եմ»), սկսաւ առաւօտեան կանուխ ժամերուն, երբ կատարուեցան տարբեր դասակարգի վազքի մրցումները:
Տղոց գլխաւոր մարաթոնին (42,195 քմ) առաջին դիրքը գրաւեց եթովպիացի Միթքօ Տեքիպա, որ արձանագրեց 2 ժամ 14 վայրկեան եւ 21 երկվայրկեան արդիւնք մը:
Իսկ աղջկանց պարագային առաջին դիրքը գրաւեց եթովպիացի Մոլոկու Էմպի (2 ժամ 28′ 57”):
Լիբանանցի տղայ վազողներուն մէջ (42,195 քմ) առաջին հանդիսացաւ Եալլա Նըրքոտ ակումբին մաս կազմող Սալահ Զհայթեր (2 ժամ 37′ 57”), մինչ աղջկանց պարագային` Ինթըր Լեպանոն ակումբին մաս կազմող Շիրին Նըժէյմ (3 ժամ 02′ 24”):
Կէս մարաթոնին (21,100 քմ) տիրացան Նատեր Ժապեր (Եալլա Նըրքոտ, 1 ժամ 14′ 03”) եւ Նիսրին Նըժէյմ (Ինթըր Լեպանոն, 1 ժամ 24′ 01”):
Անդամալոյծներու աթոռակներու մարաթոնին (21,100 քմ) տղոց առաջին դիրքը գրաւեց Եուսեֆ Ալի (2 ժամ 18′ 08”), իսկ աղջկանց պարագային` Զահրաա Քահուն (2 ժամ 38′ 33”):
10 քմ-ի մրցումին առաջին հանդիսացան Զիատ Սէյիտ (տղաք, Եալլա Նըրքոտ, 32′ 02”) եւ Ժաուան Մըքարի (աղջիկներ, Եալլա Նըրքոտ, 39′ 36”):
Պէտք է ըսել, որ այս մարաթոնը, ինչպէս նախորդ մարաթոնները, կու գան ի մի խմբելու բոլոր լիբանանցիները` մէկդի դնելով իրենց ունեցած քաղաքական տարբեր տարակարծութիւնները:
Աւարտին, կազմակերպիչ յանձնախումբին նախագահը` Մէյ Խալիլ, շնորհաւորելէ բացի բոլոր մրցանակակիրները, բոլոր մասնակցողներուն շնորհակալութիւն յայտնեց, որ դարձեալ ընդառաջելով այս հրաւէրին, տիրական ներկայութիւն եղան այս մարաթոնին: