Մարզական

Արթեթա Շատ Հաւանաբար  Փոխարինէ Կուարտիոլան

Արթեթա Շատ Հաւանաբար Փոխարինէ Կուարտիոլան

Անգլիոյ ֆութպոլի ախոյեան Մանչեսթըր Սիթի այժմէն իսկ սկսաւ փնտռել նոր մարզիչ մը, եթէ պատահի, որ Եոսիփ Կուարտիոլա որոշէ հեռանալ: Հեռացումը տեղի ունենալու պարագային, մանչեսթըրեան ակումբը մտադիր է Կուարտիոլան փոխարինել Արսենալի այժմու մարզիչ Միկել Արթեթայով: Սպանացի մասնագէտը անցեալին եղած է Կուարտիոլայի օգնականը` Մանչեսթըր Սիթիի հետ: Նշուեցաւ, որ թէեւ Սիթի կը փորձէ երկարաձգել Կուարտիոլայի գործող պայմագրութիւնը, սակայն չի բացառուիր նաեւ, որ ան...

Անգլիոյ Ֆութպոլի  Լիկայի Բաժակի Մրցաշարք.  Դ. Հանգրուանի Մրցումներուն  Վիճակաձգութիւն

Անգլիոյ Ֆութպոլի Լիկայի Բաժակի Մրցաշարք. Դ. Հանգրուանի Մրցումներուն Վիճակաձգութիւն

Անգլիոյ ֆութպոլի Լիկայի բաժակի մրցաշարքի Գ. հանգրուանի մրցումներուն, կարգ մը զօրաւոր նկատուող կազմեր պարտութիւն կրելով իրենց մրցակիցներէն, դուրս մնացին մրցաշարքէն: Պարտութիւն կրողներուն կարգին եղան Չելսի, Թոթենհամ, Էվըրթըն, Քրիսթալ Փալաս, Ուեսթ Համ եւ ուրիշներ: Դ. հանգրուանի մրցումներուն վիճակաձգութեան արդիւնքներուն լոյսին տակ, կարգ մը ճակատումներ, որոնց կարգին` Մանչեսթըր Սիթի-Լիվըրփուլ մրցումը, պիտի ըլլան բաւական կարեւոր: Մրցումները տեղի պիտի ունենան 19-էն 22 դեկտեմբերին: Նշենք,...

Պասքեթպոլ. Աշխարհի Ախոյեանութիւն.  Լիբանանի Տղոց Ազգային Խումբը  77-65 Արդիւնքով Յաղթեց Նոր Զելանտային

Պասքեթպոլ. Աշխարհի Ախոյեանութիւն. Լիբանանի Տղոց Ազգային Խումբը 77-65 Արդիւնքով Յաղթեց Նոր Զելանտային

Հակառակ իր ունեցած շարք մը բացակայ մարզիկներուն, որոնց կարգին` Ուաէլ Արաքժի, Սերճիօ Տարուիշ, Ամիր Սէուտ, Էլի Շամուն, Եուսուֆ Խայեաթ, Լիբանանի պասքեթպոլի տղոց ազգային խումբը արձանագրեց բաւական կարեւոր յաղթանակ մը` 12 կէտի տարբերութեամբ` 77-65 արդիւնքով պարտութեան մատնելով Նոր Զելանտան: Այս մրցումը, որ կ՛իյնայ աշխարհի պասքեթպոլի ախոյեանութեան զտումի մրցումներուն ծիրին մէջ, տեղի ունեցաւ Քամիլ Շամունի անուան մարզական աւանի «Փիեռ Ժեմայել»-ի մարզադաշտին վրայ:...

Հայաստան Պաշտօնապէս Ներկայացուեցաւ  Իբրեւ «Տապըլիու. Պի. Սի.»-ի Անդամ

Հայաստան Պաշտօնապէս Ներկայացուեցաւ Իբրեւ «Տապըլիու. Պի. Սի.»-ի Անդամ

Մեքսիքայի մէջ տեղի ունեցած «Տապըլիու. Պի. Սի.»-ի 60-րդ համագումարին իր մասնակցութիւնը բերաւ նաեւ Հայաստանի պատուիրակութիւնը` արհեստավարժ կռփամարտի համահայկական ֆետերասիոնի նախագահ Գառնիկ Յարութիւնեանի գլխաւորութեամբ: Համագումարին ընթացքին «Տապըլիու. Պի. Սի.»-ի նախագահ Մաուրիցիօ Սուլէյման պաշտօնապէս ներկայացուց Հայաստանը` իբրեւ «Տապըլիու. Պի. Սի.»-ի անդամ: Ասկէ բացի Հայաստան դարձաւ շրջանի «Տապըլիու. Պի. Սի.»-ի ներկայացուցիչ: Կազմակերպութեան նախագահը յատուկ մետալով մըն ալ պարգեւատրեց Գառնիկ Յարութիւնեանին: Կողմերը քննարկեցին նաեւ...

Պասքեթպոլ.  Վահագն Յարութիւնեան` Հայաստանի  Աղջկանց 16 Եւ 18 Տարեկանէն Վար  Հաւաքականներու Գլխաւոր Մարզիչ

Պասքեթպոլ. Վահագն Յարութիւնեան` Հայաստանի Աղջկանց 16 Եւ 18 Տարեկանէն Վար Հաւաքականներու Գլխաւոր Մարզիչ

Հայաստանի պասքեթպոլի ֆետերասիոնի մամլոյ քարտուղարութիւնը կը տեղեկացնէ, որ Հայաստանի աղջկանց 16 եւ 18 տարեկանէն վար պասքեթպոլի հաւաքականները, Եւրոպայի Գ. դասակարգի ախոյեանութեան հանդէս պիտի գան Վահագն Յարութիւնեանի գլխաւորութեամբ: Անոր գլխաւորութեամբ Հայաստանի աղջկանց 18 տարեկանէն վար հաւաքականը 2016-ին եւ 2019-ին, հանդիսացաւ Եւրոպայի Գ. դասակարգի ախոյեան, իսկ 2017-ին աղջկանց 16 տարեկանէն վար հաւաքականը` Եւրոպայի Գ. դասակարգի ախոյեան եւ աղջկանց 18 տարեկանէն վար հաւաքականը`...

Սամպօ.  Հայաստան 8 Մարզիկով Կը Մասնակցի  Աշխարհի Ախոյեանութեան

Սամպօ. Հայաստան 8 Մարզիկով Կը Մասնակցի Աշխարհի Ախոյեանութեան

Խըրխըզիստանի մայրաքաղաք Պիշքեքի մէջ 11-13 նոյեմբերին տեղի ունենալիք աշխարհի սամպոյի ախոյեանութեան, Հայաստան պիտի ունենայ 8 մասնակից, այս մասին յայտնեց Հայաստանի ազգային ողիմպիական կոմիտէի մամլոյ քարտուղարութիւնը: Այս ախոյեանութեան Հայաստանը պիտի ներկայացնեն` Մարզական սամպօ.-Տիգրան Կիրակոսեան (58 քկ), Մաքսիմ Մանուկեան (64 քկ), Կարլեն Մահինեան (71 քկ), Ալեքսան Ստեփանեան (79 քկ), Դաւիթ Գրիգորեան (88 քկ) եւ Արսէն Խանջեան (98 քկ): Մարտական սամպօ.-Աւետիք Պօղոսեան (79...

2022-ի Մոնտիալ.  Միացեալ Նահանգներ Առաջին  Խումբը, Որ Հասաւ Քաթար

2022-ի Մոնտիալ. Միացեալ Նահանգներ Առաջին Խումբը, Որ Հասաւ Քաթար

Ինչպէս ծանօթ է, 20 նոյեմբերին Քաթարի մէջ մեկնարկը կը տրուի 2022-ի Մոնտիալին, երբ տեղի կ՛ունենայ Քաթար-Էքուատոր բացման մրցումը (Ա. խմբակ): Քաթար հասած առաջին խումբը հանդիսացաւ Միացեալ Նահանգներու հաւաքականը, որ իջեւանեցաւ «Ղարաֆա» պանդոկին մէջ: Խումբին մարզիչն է ամերիկացի Կրեկ Պելհալթըր (49 տարեկան): Ա. հանգրուանի մրցումներուն Միացեալ Նահանգներու մրցակիցները պիտի ըլլան Կալես (21 նոյեմբեր), Անգլիա (25 նոյեմբեր) եւ Իրան (29 նոյեմբեր):  

2022-ի Մոնտիալ. Մարիօ Կէօթցէ Վերադարձաւ Գերմանիոյ  Ֆութպոլի Ազգային Խումբ` Հինգ Տարուան  Բացակայութենէ Մը Ետք

2022-ի Մոնտիալ. Մարիօ Կէօթցէ Վերադարձաւ Գերմանիոյ Ֆութպոլի Ազգային Խումբ` Հինգ Տարուան Բացակայութենէ Մը Ետք

Մարքօ Ռէօյս Վնասուածքի Պատճառով Պիտի Չմեկնի Քաթար Վերջին անգամ 14 նոյեմբեր 2017-ին Ֆրանսայի դէմ տեղի ունեցած ֆութպոլի բարեկամական մրցումին (2-2) իր մասնակցութիւնը բերած Մարիօ Կէօթցէ դարձեալ վերադարձաւ Գերմանիոյ ֆութպոլի ազգային խումբ` իր մասնակցութիւնը բերելու համար Քաթարի մէջ տեղի ունենալիք 2022-ի Մոնտիալին: Ան 2014-ի Մոնտիալի աւարտականին հանդիսացաւ յաղթական կոլի հեղինակ: 30 տարեկան միջնապահը Գերմանիոյ ֆութպոլի ախոյեանութեան ընթացիկ տարեշրջանին իր կազմին` Այնթրախթ...

Միքայէլ Շումախըրի «Ֆեռարի»-ն Վաճառուեցաւ  Մրցանշային… 14,8 Միլիոն Ամերիկեան Տոլարի

Միքայէլ Շումախըրի «Ֆեռարի»-ն Վաճառուեցաւ Մրցանշային… 14,8 Միլիոն Ամերիկեան Տոլարի

«Սոթըպայս»-ի աճուրդին, որ տեղի ունեցաւ Զուիցերիոյ մէջ, վաճառուեցաւ անուանի գերմանացի վարորդ Միքայէլ Շումախըրի «Ֆեռարի» «ԷՖ.2003-ՃԻ.ԷՅ.» ինքնաշարժը, որուն հետ ան վեց անգամ հանդիսացած էր «Ֆորմիւլա-1»-ի աշխարհի ախոյեան: Անիկա վաճառուեցաւ մրցանշային գումարով մը... 14,8 միլիոն ամերիկեան տոլարի: Կը սպասուէր, որ անիկա վաճառուի 9,3 միլիոն ամերիկեան տոլարի, սակայն 40 վայրկեան տեւած աճուրդին ընթացքին անոր գինը հասաւ այդ գումարին: Նշենք, որ նախկին մրցանիշը կը...

ՖԻՏԷ.  Մարիամ Մկրտչեան Առաջին Անգամ Ըլլալով  Միջազգային Դասաւորման Առաջին Հարիւրին Մէջ

Ճատրակ. Եւրոպայի Պատանեկան Ախոյեանութիւն. Մարիամ Մկրտչեան Եւ Աստղիկ Յակոբեան` Յառաջատարներուն Կարգին

Անթալիոյ մէջ շարունակուող Եւրոպայի ճատրակի պատանեկան ախոյեանութեան 4-րդ հանգրուանի հանդիպումներէն ետք, Հայաստանի ներկայացուցիչներէն ցարդ լաւագոյն արդիւնքը արձանագրած են Մարիամ Մկրտչեան, Աստղիկ Յակոբեան, Կապրիելլա Յարութիւնեան, Նարեկ Ղազարեան եւ Մամիկոն Ղարիբեան, որոնք իրենց տրամադրութեան տակ ունին 3,5-ական կէտ: 18 տարեկանէն վար աղջկանց մրցումներուն, յաջորդական երեք յաղթանակ արձանագրելէ ետք, Մարիամ Մկրտչեան կորսնցուց իր առաջին կէս կէտը, երբ սեւ քարերով հաւասարութիւն մը արձանագրեց սպանացի...

Ըմբշամարտ.  Հայրենի Ըմբիշները Մետալներու  Տիրացան Էսթոնիոյ Մէջ

Ըմբշամարտ. Հայրենի Ըմբիշները Մետալներու Տիրացան Էսթոնիոյ Մէջ

Էսթոնիոյ մայրաքաղաք Թալիննի մէջ տեղի ունեցած Քրիսթիան Փալուսալուի անուան ըմբշամարտի յուշամրցաշարքին իր մասնակցութիւնը բերաւ նաեւ Հայաստան: Հայաստանի ըմբշամարտի ֆետերասիոնին մամլոյ քարտուղարութիւնը յայտնեց, որ այս յուշամրցաշարքին Հայաստանը ներկայացուցին յունահռոմէական ոճի չորս երիտասարդ ըմբիշներ: Ոսկի մետալներու տիրացան Արայիկ Թոփալեան (55 քկ) եւ Սուրէն Աղաջանեան (60 քկ), իսկ փոխախոյեան հանդիսացան Լեւոն Խաչատրեան (77 քկ) եւ Սամուէլ Խաչատրեան (82 քկ):

Ներկայացուեցաւ Ազարեանի Անուան  Մարմնամարզութեան Դպրոցի  Նոր Մասնաշէնքի Նախագիծը

Ներկայացուեցաւ Ազարեանի Անուան Մարմնամարզութեան Դպրոցի Նոր Մասնաշէնքի Նախագիծը

«Ստորակէտ» ճարտարապետական արուեստանոցը ներկայացուց Ալպերթ Ազարեանի անուան մարմնամարզութեան մարզադպրոցի նոր մասնաշէնքի նախագիծը: Նոր մասնաշէնքը նախատեսուած էր Կենտրոն վարչական շրջանի արեւմտեան մասին` Ծիծեռնակաբերդի բարձունքի հարաւային ստորոտին մէջ, արեւմտեան մասին ձգուող Հրազդան կիրճի մարզական գօտիին մէջ: Շէնքին հիմնական դահլիճները եւ տարբեր տեսակի բաժանմունքները ծածկուած պիտի ըլլան մէկ ընդհանուր տանիքի տակ, որ կարելիութիւն պիտի ընձեռէ ունենալու ընդհանուր օդափոխութեան համակարգ եւ դիտակէտեր` ամէն անկիւնէն:...

Ռուսիոյ Պատանեկան Հաւաքականի Նախկին  Ֆութպոլիստը Պիտի Ստանայ  Հայաստանի Քաղաքացիութիւն

Ռուսիոյ Պատանեկան Հաւաքականի Նախկին Ֆութպոլիստը Պիտի Ստանայ Հայաստանի Քաղաքացիութիւն

19 տարեկան ֆութպոլիստ Էդուարդ Բագրինցեւ, որ նախապէս մաս կազմած է Ռուսիոյ ֆութպոլի պատանեկան հաւաքականներուն, դիմած է Հայաստանի քաղաքացիութիւն ստանալու եւ կը փափաքի ելոյթ ունենալ Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականին հետ: «Շատ ուրախ եմ Հայաստան ժամանելուս համար եւ արդէն իսկ ներկայացուցած եմ անհրաժեշտ բոլոր փաստաթուղթերը` հայկական անձնագիր ստանալու համար: «Անհամբեր կը սպասեմ Հայաստանի ազգային հաւաքականին միանալու հրաւէրին», յայտնեց Բագրինցեւ, որ ներկայիս մաս...

2022-ի Մոնտիալ.  Տիտիէ Տեշան Հրապարակեց  Իր 25 Մարզիկներուն Անունները

2022-ի Մոնտիալ. Տիտիէ Տեշան Հրապարակեց Իր 25 Մարզիկներուն Անունները

Բոլոր երկիրներու ֆութպոլի ազգային խումբերուն մարզիչներուն նման, իր կարգին` Տիտիէ Տեշան հրապարակեց Քաթարի մէջ տեղի ունենալիք 2022-ի Մոնտիալին մասնակցող իր 25 ֆութպոլիստներուն անունները: Ֆրանսա, որ մաս կը կազմէ Դ. խմբակին, Ա. հանգրուանի մրցումներուն, իրեն մրցակից պիտի ունենայ Աւստրալիան, Թունուզը եւ Դանիան: Ստորեւ` Տեշանի կողմէ նկատի առնուած մարզիկներուն անունները. Բերդապահներ.- Ալֆոնսէ Արէոլա (Ուեսթ Համ), Հիւկօ Լիորիս (Թոթենհամ) եւ Սթիւ Մանտանտա (Ռենն):...

Լեւանտովսքի Յաջորդաբար  Երկրորդ Տարին Ըլլալով  Տիրացաւ «Ոսկիէ Խաղակօշիկ»-ին

Լեւանտովսքի Յաջորդաբար Երկրորդ Տարին Ըլլալով Տիրացաւ «Ոսկիէ Խաղակօշիկ»-ին

Այս ամրան ընթացքին Պայէրն Միւնիխէն Պարսելոնա տեղափոխուած լեհ յառաջապահ Ռոպերթ Լեւանտովսքի, յաջորդաբար երկրորդ տարին ըլլալով տիրացաւ եւրոպական մրցաշարքի լաւագոյն ռմբաձիգի` «Ոսկիէ խաղակօշիկ»-ի մրցանակին: Ան նախորդ տարեշրջանին Գերմանիոյ ֆութպոլի ախոյեանութեան («Պունտըսլիկա») իր կազմին` Պայէրն Միւնիխի հետ 34 մրցումի ընթացքին նշանակեց 35 կոլ եւ ապահովեց 70 կէտ: Անոր ետին երկրորդ դիրքը գրաւեց ֆրանսացի յառաջապահ Քիլիան Էմպափէ, որ Ֆրանսայի ֆութպոլի ախոյեանութեան մրցումներուն նշանակեց...

Ա. Սէ. Միլանի Թեքնիք Տնօրէնը  Պիտի Հեռանայ Իր Պաշտօնէն

Ա. Սէ. Միլանի Թեքնիք Տնօրէնը Պիտի Հեռանայ Իր Պաշտօնէն

Իտալիոյ ֆութպոլի գործող ախոյեան Ա. Սէ. Միլանի մամլոյ քարտուղարութիւնը յայտնեց, որ ակումբի թեքնիք տնօրէն Իվան Կազիտիս պիտի հեռանայ իր պաշտօնէն: Նշուեցաւ, որ ան իր պաշտօնին վրայ պիտի մնայ մինչեւ 5 դեկտեմբեր, որմէ ետք պիտի չերկարաձգէ իր պայմանագրութիւնը: 58 տարեկան Կազիտիս, որ 2018-էն ի վեր Ա. Սէ. Միլանի հետ է, թէեւ ծնած է Ճոհանեսպուրկի մէջ (Հարաւային Ափրիկէ), սակայն ունի նաեւ Յունաստանի...

2022-ի Մոնտիալ.  Ֆիրմինօ Նկատի Չառնուեցաւ  Թիթէի Կողմէ

2022-ի Մոնտիալ. Ֆիրմինօ Նկատի Չառնուեցաւ Թիթէի Կողմէ

Պրազիլի ֆութպոլի ազգային խումբի մարզիչ Թիթէ, որ հրապարակեց Քաթարի մէջ տեղի ունենալիք 2022-ի Մոնտիալին մասնակցող իր կազմը, նկատի չառաւ Անգլիոյ ֆութպոլի փոխախոյեան Լիվըրփուլին մաս կազմող յառաջապահ Ռոպերթօ Ֆիրմինոն: Հակառակ ատոր սակայն, 31 տարեկան Ֆիրմինօ յաջողութիւն մաղթեց ազգային խումբ հրաւիրուած իր խմբակիցներուն` յոյս յայտնելով, որ իր երկիրը անպայման կը յաջողի իր առաքելութեան մէջ եւ վեցերորդ անգամ ըլլալով կը բարձրացնէ աշխարհի ախոյեանութեան...

Խեսուս Քորոնա Բացակայ`  2022-ի Մոնտիալէն

Խեսուս Քորոնա Բացակայ` 2022-ի Մոնտիալէն

Մեքսիքայի ֆութպոլի ազգային խումբին մամլոյ քարտուղարութիւնը յայտնեց, որ Խեսուս Քորոնա իր մասնակցութիւնը պիտի չկարենայ բերել 2022-ի Մոնտիալին: Հաւաքականին մարզչական խմբակը 29 տարեկան Քորոնան նկատի չուզեց առնել Քաթար մեկնող ֆութպոլիստներու ցանկին մէջ: Սեւիլլային մաս կազմող ֆութպոլիստը կը շարունակէ ապաքինիլ այս տարի օգոստոսին իր ստացած վնասուածքէն եւ մինչեւ աշխարհի ախոյեանութեան մեկնարկը տրուիլը ապաքինած պիտի չըլլայ: Գ. խմբակին մաս կազմող Մեքսիքայի մրցակիցները պիտի...

Պայէրն Միւնիխ Նոր Պայմանագրութիւն Մը  Պիտի Առաջարկէ Նէօյըրին

Պայէրն Միւնիխ Նոր Պայմանագրութիւն Մը Պիտի Առաջարկէ Նէօյըրին

Գերմանական մարզական մամուլը յայտնեց, որ Գերմանիոյ ախոյեան Պայէրն Միւնիխի ղեկավարութիւնը մտադիր է երկարաձգել Գերմանիոյ ազգային խումբի բերդապահ Մանուէլ Նէօյըրի հետ գործող պայմանագրութիւնը: Ակումբի թեքնիք տնօրէն Հասան Սալիհամիծիչ յայտնեց, որ ակումբը 2-3 տարի յոյսեր կապած է իր բերդապահին հետ, որուն գործող պայմանագրութիւնը նախատեսուած է մինչեւ 2024-ի ամառ: 36 տարեկան Նէօյըր, որ 2011-ին միացաւ Պայէրն Միւնիխին, այս տարեշրջանին իր կազմին հետ 15...

Արմէն Մելիքբէկեան. «Հայաստանի Ֆութպոլի  Ֆետերասիոնը Ամէն Ինչի Պատրաստ Է,  Որ Մխիթարեանը Վերադառնայ»

Արմէն Մելիքբէկեան. «Հայաստանի Ֆութպոլի Ֆետերասիոնը Ամէն Ինչի Պատրաստ Է, Որ Մխիթարեանը Վերադառնայ»

Հայաստանի ֆութպոլի ֆետերասիոնի նախագահ Արմէն Մելիքբէկեան, իր ունեցած պատկերասփռուած մէկ հարցազրոյցին ընթացքին ըսաւ, որ ինչպէս նախապէս, այս անգամ եւս կու գայ ըսելու, որ Հենրիխ Մխիթարեանի առջեւ Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականին դռները միշտ բաց են: «Ան ըլլալով արհեստավարժ ֆութպոլիստ` նմանօրինակ որոշում ինք է, որ պիտի տայ: Մեր բոլորին փափաքն է, որ ան վերադառնայ ազգային հաւաքական: Անոր վերադարձին գծով ներկայիս յաւելեալ ըսելիքներ...

Page 348 of 1280 1 … 347 348 349 … 1,280

Արխիւներ