Միացեալ Նահանգներու Սենթ Լուիս քաղաքի ճատրակի ակումբին կողմէ կազմակերպուած «Ֆոլ Չես Քլասիք» ճատրակի միջազգային մրցաշարքին իր մասնակցութիւնը բերաւ նաեւ Հայաստանի ներկայացուցիչ Արամ Յակոբեան:
Հայրենի կրանտմասթըրը առաւելագոյն 9 կէտէն 4,5 կէտ ապահովելով գրաւեց 5-րդ դիրքը:
Ան կէս կէտով ետ մնաց չորրորդ դիրքը գրաւած ամերիկացի Հանս Նիմանէն:
Տիտղոսակիր դարձաւ չինացի Եանջի Եուն (6,5 կէտ):
Երկրորդ դիրքը 6 կէտով գրաւեց հնդիկ Կուճրաթի Վիտիթ, մինչ լաւագոյն եռեակը ամբողջացուց չեխ Վան Նկույէն, որ վերջին հանգրուանին հաւասարութիւն մը արձանագրեց Յակոբեանի հետ: