Աշխարհի պասքեթպոլի ախոյեանութեան զտումի մրցումներուն ծիրին մէջ, նախորդ շաբաթավերջին Քամիլ Շամունի անուան Մարզական աւանի, «Փիեռ» Ժեմայել»-ի մարզադաշտին վրայ տեղի ունեցաւ Լիբանան-Հնդկաստան մրցումը:
Անիկա վերջ գտաւ Լիբանանի կազմին տպաւորիչ յաղթանակով` 103-74 արդիւնքով:
Նշենք, որ նախորդ մրցումին նման, Լիբանանի կազմէն բացակայեցան անոր շարք մը հիմնական մարզիկները: